Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Տիգրանակերտ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիին Իրավիճակը Այսօր

   Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող armenianweekly.com առցանց թերթը հրապարակած է Տիգրանակերտի (Տիարպաքըր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ այժմու սրտաճմլիկ իրավիճակը պարզող լուսանկարներ, որոնք գաղտնաբար առնուած են Յուլիս ամսուն։ Անոնցմէ կը պարզուի, որ Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ եկեղեցիի համբաւը վայելող Սուրբ Կիրակոս անմասն չէ մնացած շրջանի իրադարձութիւններէն:
     Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Կիրակոս եւս յայտնուած էր թրքական բանակին եւ քրտական ուժերու միջեւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած բուռն բախումներու կիզակէտին: Պարբերաբար մտահոգիչ լուրեր կը հասնէին եկեղեցւոյ ճակատագրին մասին, բարեբախտաբար, յաճախ՝ անհիմն: Աղօթավայրը թրքական իշխանութիւններու կողմէ սահմանուած արգիլեալ գօտիին մէջ գտնուելով՝ կարելի չէր ըլլար ստոյգ գաղափար մը ունենալ անոր վիճակին մասին: Միայն, վերջին անգամ, քանի մը ամիս առաջ յայտնուած էին կարգ մը լուսանկարներ, ուր կը տեսնուէին թրքական բանակի յատուկ ջոկատայիններ եկեղեցւոյ մէջ։
     «Armenian Weekly»-ի հրապարակած լուսանկարներէն կը պարզուի, որ այնուամենայնիւ վնասը շատ մեծ չէ եղած, բաղդատմամբ նոյն տարածքին մէջ գտնուող այլ սրբավայրերու, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ եկեղեցւոյ թաղամասը գրեթէ ամբողջութեամբ հիմնայատակ եղած է. անցեալի նեղլիկ փողոցներէն ներկայիս մնացած են ընդարձակ դաշտեր միայն։ Հետեւաբար, կարելի է մխիթարուիլ, որ եկեղեցին նուազագոյն վնասով «փրկուած է»։
     Սուրբ Կիրակոս երկար տարիներ աւերակ մնալէ ետք՝ թաղական խորհուրդին, նախկին տիգրանակերտցիներու եւ Տիարպաքըրի քաղաքապետարանի ջանքերով, մեծ գումարներու ներդրումով վերանորոգուած եւ 22 Հոկտեմբեր 2011-ին, հանդիսաւոր կերպով վերաբացուած էր։
     Այս վերաբացումը կարեւոր եւ յուզիչ անակնկալի մըն ալ տուն տուաւ՝ ծպտեալ Հայերու յայտնութեան. անոնք սկսան թօթափել իրենց պարտադրուած՝ տասնամեակներու քօղը եւ համախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին