spot_img

ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովին ԼՂ Խնդիրի Թեմայով Քննարկում Պիտի Ըլլայ

     ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) խորհրդարանական վեհաժողովի յառաջիկայ նստաշրջաններուն՝ քննարկումներ ու բանավէճեր պիտի իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թեմայով: Այս մասին յայտնած է Պաքու այցելած ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահ Քրիստին Մութոնէնը:

    «Խորհրդարանական վեհաժողովը իւրօրինակ հարթակ է, ուր կը քննարկուին հակամարտութիւնները` մասնաւորապէս, անոնք, որոնք կը գտնուին ԵԱՀԿ տարածքին վրայ: ԵԱՀԿ-ը ունի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, որուն միջոցով կազմակերպութիւնը հակամարտութիւնը կը պահէ իր ուշադրութեան կեդրոնին»,- ըսած է Մութոնէնը:

      Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան պիտի այցելէ՞ ԼՂ սահմանագիծ, Մութոնէնը յայտնած է, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ իր յաջորդ այցին ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին