ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) խորհրդարանական վեհաժողովի յառաջիկայ նստաշրջաններուն՝ քննարկումներ ու բանավէճեր պիտի իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թեմայով: Այս մասին յայտնած է Պաքու այցելած ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահ Քրիստին Մութոնէնը:
«Խորհրդարանական վեհաժողովը իւրօրինակ հարթակ է, ուր կը քննարկուին հակամարտութիւնները` մասնաւորապէս, անոնք, որոնք կը գտնուին ԵԱՀԿ տարածքին վրայ: ԵԱՀԿ-ը ունի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, որուն միջոցով կազմակերպութիւնը հակամարտութիւնը կը պահէ իր ուշադրութեան կեդրոնին»,- ըսած է Մութոնէնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան պիտի այցելէ՞ ԼՂ սահմանագիծ, Մութոնէնը յայտնած է, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ իր յաջորդ այցին ընթացքին:






