spot_img

«Տորաութ Սթուտիօ» Ճարտարապետական Ընկերութիւնը Պիտի Զբաղի Հադրութի Քաղաքաշինական Զարգացման Ծրագիրներով

     Հադրութ քաղաքին մէջ Սեպտեմբերին բացուած է «Տորաութ Սթուտիօ» ճարտարապետական ընկերութիւնը:

     «Artsakhpress.am»-ը կը հաղորդէ, որ ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նինա Ներսէսեան ըսած է, որ ընկերութեան բացման հիմնական նպատակն է Հադրութ քաղաքի քաղաքային կենսապատկերին, ինչպէս նաեւ համանուն շրջանի այլ բնակավայրերու կայուն քաղաքաշինական զարգացումը, հիմք ընդունելով թէ՛ իր հիմնած կազմակերպութեան աշխատակիցներուն աշխուժութիւնը եւ թէ՛ յետագայ համագործակցութիւնը արտերկրի առաջադէմ կազմակերպութիւններու հետ:

    «Հադրութի քաղաքային զարգացումը կատարուած է քանի մը փուլով, եւ անոնցմէ անհրաժեշտ է յստակ տարբերակել 19-րդ դարու ցարական շրջանի ճարտարապետութիւնը, խորհրդայինը եւ ժամանակակիցը: Ասոնք երեք ամբողջովին տարբեր շրջաններ են, որոնք կ’ամփոփեն ժամանակաշրջաններուն բնորոշ ճարտարապետական լուծումները, եւ անոնք անպայման պէտք է հաշուի առնուին մեր աշխատանքներուն մէջ»,- ըսած է Ն. Ներսէսեան:

     Աւարտելով Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը, ան իր ուսումը շարունակած է Իտալիոյ Միլան քաղաքի Ճարտարագիտկան համալսարանին մէջ: «Ընկերութիւն բանալու գաղափարը ծագած է մագիստրոսական թեզս ուսումնասիրելու ժամանակ, որ կը վերաբերէր Հադրութ քաղաքի հին թաղամասի վերակառուցման»,- ըսած է արմատներով հադրութցի երիտասարդ ճարտարապետը եւ աւելցուցած, որ նոյնիսկ կազմակերպութեան անունը ընտրելու ընթացքին, հաշուի առած է Հադրութ քաղաքի աշխարհագրական դիրքը: Տորաութ արտայայտութիւնը պարսկերէնէ կը թարգմանուի որպէս միջագետք: Իսկ Հադրութ քաղաքը՝ գտնուելով երկու գետերու միջեւ՝ ըստ Ն. Ներսէսեանի, միջագետք կը յիշեցնէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին