Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Սփիւռքի Շնորհիւ Հայաստանը Առաւել Մրցունակ եւ Համաշխարհային Պետութիւն է. Արմէն Աշոտեան

      ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան, Սեպտեմբեր 8-ին, Փորթուկալի խորհրդարանին հրաւէրով՝ Լիզպոնի մէջ մասնակցած է ԵԽԽՎ (Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովին, ուր հանդէս եկած է ելոյթով` Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ծիրէն ներս խորհրդարանական փոխգործակցութեան մեքենականութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

     Անդրադառնալով Սփիւռքի հետ կապուած պետական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն` ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահը ներկայացուցած է ոլորտին մէջ առկայ հիմնական գործընթացները, կատարուած աշխատանքը, համագործակցութեան հիմնական մեքենականութիւնները, կարեւոր համարած Հայրենիք-Սփիւռք արդիւնաւէտ փոխգործակցային հասարակութեան ձեւաւորման եւ զարգացման դերն ու նշանակութիւնը, այս ծիրէն ներս Սփիւռքի հետ կայուն եւ արդիւնաւէտ գործակցային հարթակներու ստեղծումը:

     Արմէն Աշոտեան ընդգծած է Սփիւռքի հետ գործակցութեան ոլորտին մէջ ինքնակազմակերպման իրական եւ գործուն մեքենականութիւններու ներդրման եւ իրականացման կարեւորութիւնը, Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներուն մէջ համաշխարհային հարթակի ստեղծման դերը` նորարարական կրթական ցանցերու, տնտեսական շուկաներու, հասարակական եւ քաղաքական նախապայմաններու առկայութեան հետ կապուած, ինչպէս նաեւ նշուած ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար արդիւնաւէտ մեքենականութիւններու ներդրման նշանակութիւնը: Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ առկայ փորձին ու իրականացուած ծրագիրներուն:

     Արմէն Աշոտեան Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու կառուցման գործին մէջ կարեւոր համարած է նաեւ ցանցային համագործակցութեան ձեւաւորումը` ներառեալ խորհրդարանական համագործակցութեան արդիւնաւէտ հարթակի ստեղծումը:

     Իր ելոյթին մէջ, Արմէն Աշոտեան նաեւ կոչով դիմած է ԵԽԽՎ պատգամաւորներուն, իրենց պետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ԵԽԽՎ մակարդակով, հետամուտ ըլլալու ազրպէյճանական կաշառակերութեան խայտառակութեան շուրջ լիարժէք հետաքննութեան իրականացման` այդ կառոյցին ժողովրդավարական համբաւն ու հեղինակութիւնը վերականգնելու համար: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին