Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակները» Խորագիրով Գիրք Պիտի Տպագրուի

     ՀՀ-ի մէջ գործող «Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի նահատակները» գիրքը: Այս մասին, ըստ «artsakhpress.am»-ի, յայտնած է կազմակերպութեան լրատուական բաժինի պետ Հայկ Կիսեբլեան:

     «Ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Միքայէլեանի գլխաւորած ջոկատը կը գտնուէր Արցախ: Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք՝ մեր ծրագիրին ծիրէն ներս, այցելած ենք ապրիլեան մարտագործողութիւններու ժամանակ զոհուած շուրջ 101 զինուորականներու եւ կամաւորականներու ընտանիքներուն ու հաւաքագրած մերօրեայ հերոսները ներկայացնող կենսագրական տուեալները, անցած մարտական ուղին, յուշերը, որոնք թէեւ կարճ, բայց բովանդակալից եւ ուսանելի են մեր սերունդներուն համար»,- ըսած է Հ. Կիսեբլեան:

     Անոր խօսքով, գիրքը կազմած է ազատամարտիկ-գրող Թորգոմ Նալպանտեանը, որուն համար հիմք ծառայած են, թէ՛ իր կողմէ գրի առնուած տեղեկութիւնները եւ թէ՛ անոր լուսանկարները, նիւթերն ու տեսանիւթերը: Պատմութիւններուն ստուար մէկ մասն ալ գրի առած են եւ լուսանկարներ տրամադրած Վազգէն Սարգսեանի անուան եւ Մարշալ Արմէնակ Խանփերեանցի անուան ռազմական թռիչքներու ուսումնարաններու ուսանողները, որոնք «Դուք մինակ չէք» ծրագիրին ծիրէն ներս կ’ընկերանային մեր հերոսներու ընտանիքներուն հետ: Գիրքին հետ կապուած աշխատանքները կը գտնուին զօրավար-հրամանատար Վարդան Աւետիսեանի եւ ՂՊՎ ներկայ նախագահ Ստեփան Թարոյեանի վերահսկողութեան տակ:

     Գիրքի նմոյշ-օրինակները արդէն տպագրուած են եւ այժմ կը գտնուին քննարկման փուլի մէջ: Հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, գիրքը պիտի տրամադրուի դպրոցներուն եւ համայնքային գրադարաններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին