Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ArmPhone-ի Նոր Տարբերակ Պիտի Թողարկուի 2 Ամիսէն

       ArmPhone հեռաձայներու արտադրութեամբ զբաղող Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը շուտով հանրութեան պիտի ներկայացնէ հայկական բջջային հեռախօսի եւս մէկ տարբերակ: Այս մասին՝ ըստ «PanARMENIAN.Net»- ի՝ ըսած է TSD ընկերութեան մամուլի խօսնակ Անահիտ Բաղդասարեան:

      «Մեր ընկերութիւնը այժմ կ’աշխատի նոր տեսականիի վրայ, որ հանրութեան պիտի ներկայացնենք 1-2 ամսուան ընթացքին: Տակաւին չեմ կրնար մանրամասնել, սակայն կրնամ ըսել, որ խօսքը սմարթֆոնի 1 նոր տարբերակի մասին է»,- նշած է Բաղդասարեան:

       Ան աւելցուցած է, որ բջջային նախագծումէն մինչեւ իրագործում բաւական երկար ժամանակ կը պահանջուի: Այդ է պատճառը, որ ընկերութիւնը չի կրնար ամէն ամիս նոր տարբերակ մը ներկայացնել:

    Պլանշեթներու հետ կապուած, ընկերութիւնը հեռահար ծրագիրներ կը մշակէ նաեւ, սակայն նոր տարբերակի թողարկման մասին պիտի յայտարարուի սմարթֆոնի ներկայացումէն ետք միայն:

     2016-ի Յունիսին Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը վաճառքի հանեց ArmPhone բջջային հեռաձայներու առաջին տարբերակները: Սպառողին ներկայացուած էր 5 տարբեր տեսակ` իւրաքանչիւրը իր առանձնայատկութիւններով: Սմարթֆոններու առանձին տեսակները մինչեւ 32 ԿՊ ներքին յիշողութիւն ունին, Android 6.0 կամ Android 5.1 գործարկուող համակարգ եւ 4G կապ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին