Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ կօշիկի արտադրութեան 8 ընկերութիւն միասնական տաղաւարով Սեպտեմբեր 5-8 Հայաստանը կը ներկայացնեն մոսկովեան «MosShoes-2017» միջազգային ցուցահանդէսին:
Մարտին տեղի ունեցած ցուցահանդէսին հայկական ընկերութիւնները աւելի քան 300 միլիոն դրամի արտահանման պատուերներ ստացած են: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:
«MosShoes»-ը կօշիկի եւ կաշիէ պարագաներու արտադրութեան Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի խոշորագոյն ցուցահանդէսն է, որ տեղի կ’ունենայ տարեկան չորս անգամ, կ’ունենայ մօտ 10-12 հազար այցելու` հիմնականօրէն մեծածախ գնորդներ, մասնագէտներ եւ բաշխողներ: Ցուցահանդէսի ընթացքին հիմնադրամի մասնագէտները հայկական արտադրողներուն կ’օգնեն գործընկերներ գտնելու, հանդիպումներ ունենալու արհեստավարժ գնորդներու ու պատուիրատուներու հետ:
«Հիմնադրամը լաւագոյնս կը ներկայացնէ Հայաստանը եւ երկրի մրցունակ արտադրանքը միջազգային տարբեր հարթակներու մէջ: Նաեւ կը ստեղծէ պայմաններ, որպէսզի ցուցահանդէսին մասնակցող բոլոր ընկերութիւնները հանդիպումներ ունենան միջազգային գնորդներու ու մատակարարներու հետ: Յոյսով եմ, հայկական արտադրողները հնարաւորութիւնը առաւելագոյնս կ’օգտագործեն եւ արտահանման նոր պայմանագիրներ կը կնքեն»,- նշած է ՀԶՀ Առեւտուրի խումբի կազմակերպիչ Լուսինէ Յովհաննիսեան:
Հայկական «Զէննիէ, «Բաբիննի», «Քէյ ընդ քէյ Շուզ», «Սիմար», «Արմայ Լեդըր» ընկերութիւններուն եւ Արսէն Բադիկեան, Կարէն Թարվերդեան, Տիգրան Սիմոնեան անհատ ձեռներէցներուն 73-րդ «MosShoes»-ին մասնակցութեան աջակցութիւն ցուցաբերուած է Հայաստանի կառավարութեան` արտահանման խթանման քաղաքականութեան ծիրէն ներս, հայկական արտադրանքի ճանաչելիութեան խթանման նպատակով:
«MosShoes-2017»-ին կը մասնակցին մօտ 30 երկիրներէ աւելի քան 500 առաջատար կօշիկ եւ կաշուէ պարագաներ արտադրող կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին` համաշխարհային ճանաչում ունեցող ապրանքանիշեր ներկայացնող: