Մութահիտի եւ Հուփսի իրենց տարեկիցներուն դէմ յաղթանակներէն ետք, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին Անիպալի դէմ, Զահլէի մէջ:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի տարիքային դպրոցի մարզիկները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն օթոպիւսներով մեկնեցան Զահլէ, մրցելու տեղւոյն Անիպալի իրենց տարեկիցներուն դէմ: Մեծ թիւով ծնողներ անձնական միջոցներով եւ օթոպիւսներով բարձրացան Զահլէ, քաջալերելու իրենց սիրելի միութեան մարզիկները եւ զաւակները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ պասքեթպոլի տարիքային դպրոցը ներկայացնող վեց խումբեր յաջորդաբար մրցեցան Անիպալի իրենց տարեկիցներուն դէմ եւ արձանագրեցին հինգ յաղթանակ, կրելով մէկ պարտութիւն:
Մրցումները աւարտելէ ետք, Անիպալ Զահլէի պատասխանատուները ընդունելութիւն մը կազմակերպեցին ի պատիւ ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն: ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները փայլուն յիշատակներով վերադարձան Պէյրութ:
Վերոյիշեալ յաղթանակները բարոյական մեծ խթան կը հանդիսանան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկներուն, որոնք կը նախապատրաստուին Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի տարիքային դպրոցի մարզիկները փոքր տարիքէն կը ստանան մարզական եւ միութենական դաստիարակութիւն:
Նշենք, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ պասքեթպոլի դպրոցի՝ 2008-2009-2010-ի խումբը կը մարզէ Մայքըլ Միքայէլեանը: 2006-2007-ի խումբը՝ Նարեկ Աւետիքեանը, 2002-2003, 2004-2005, ինչպէս նաեւ աղջկանց խառն խումբը եւ 2003-2004-2005 տղոց խումբը կը մարզէ Յարութ Գուզուճեանը:
Մօտ օրէն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի 2003-2004 եւ 2005-2006-ի տղաքը պիտի մասնակցին անուան Անթուան Ղըրյէպի յիշատակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Միշէլ Մըր մարզահամալիրին մէջ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ