«Halo Trust» բրիտանական կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կը կատարէ 2000 թուականէն ի վեր:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի, Արցախի մէջ կազմակերպութեան տարածաշրջանային ղեկավար Աշ Պոտիի խօսքով` ամէն տարի ունեցած են աւելի քան 100 աշխատող, սակայն, այս տարի աշխատողներուն թիւը հասած է 210-ի:
«Halo Trust»-ի մէջ կ’աշխատին նաեւ կին-սակրաւորներ: «Առաջին խումբը ստեղծուած է 2015 թուականին Քաշաթաղի շրջանի Քարեգահ գիւղէն: Այժմ կայ երեք այդպիսի խումբ, ուր կիներուն թիւը կը գերակշէ, եւ կը փորձեն մինչեւ միւս տարուան վերջը անոնց թիւը աւելցնել»,- ըսած է Ա. Պոտին:
Ան նշած է, որ «Halo Trust»-ի մէջ աշխատելու համար պէտք է անցնել 5 շաբաթեայ փորձաշրձան: Առաջին չորս շաբթուան ընթացքին՝ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է ականազերծման փորձի ուսուցում, իսկ հինգերորդ շաբաթը` բժշկական առաջին օգնութեան: Ամէն փուլէ ետք՝ մասնակիցները կը յանձնեն համապատասխան քննութիւն, եւ այդ ընթացքին կ’որոշեն՝ աշխատանքը նպատակայարմա՞ր է, թէ` ոչ:
Կին-սակրաւոր 40-ամեայ Լիլիկ Մարտիրոսեանը Ստեփանակերտէն է: «Halo Trust»-ի մէջ սկսած է աշխատիլ այս տարուան Ապրիլի 2-ին:
«Աշխատանքը բարդ է եւ վտանգաւոր: Սակայն, մենք կ՝ընենք ամէն ինչ, որպէսզի միւսներուն համար վերացնենք այդ վտանգը: Մեր խումբը բաղկացած է 7 սակրաւորէն, որուն 5-ը կիներ են, եւ մէկ հրամանատարէ»,- ըսած է Լիլիկը եւ աւելցուծած, որ աշխատանքի մասին տեղեկացած է ամուսինէով, որ նոյնպէս կ՝աշխատի «Halo Trust»-ի մէջ` իբրեւ ականազերծող: Լիլիկի խօսքով` ամուսիններով միեւնոյն խումբին մէջ կ՝աշխատին եւ ամէն անգամ ականազերծման երթալու ժամանակ՝ առաջին հերթին կը մտածեն, որ պարտաւոր են ամէն ինչ ընել, որպէսզի անփորձանք վերադառնան, քանի որ տան մէջ իրենց կը սպասեն իրենց անչափահաս զաւակները…