Տարեկան բանակումները եւ խարուկահանդէսները իսկական տօնակատարութեան օրեր են ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումին համար: Խանդավառութիւնը չի նկարագրուիր բանակումի եւ խարուկահանդէսի ստեղծած մթնոլորտով: Ցնծութիւնը կը սկսի բանակումի նախապատրաստութիւններէն: Խարուկահանդէսի հանդիսութիւնը կու գայ եզրափակելու տարուան մը տքնաջան աշխատանքի էջը, տոգորուած յաջորդի մը վճռակամութեամբ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի երէցները, խմբապետական կազմերը եւ սկաուտներու առաջնորդներ եւ փոխառաջնորդները, 27 Յուլիսին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնէն մեկնեցան այս տարուան բանակումին համար որոշուած Քըֆարմաթայի շրջանը: Ճշդուած վայրը հասնելէ ետք, անոնք լծուեցան պատրաստութեան աշխատանքներուն: Անմիջապէս կառուցուեցաւ բանակավայրին կայմը, խոհանոցը:
Յաջորդ օրը՝ 28 Յուլիսին, բանակավայր բարձրացան խմբապետուհիները, քառավելները: 30 եւ 31-ին բանակավայրին մէջ մնացին երէցները եւ քառավելները: Մնացեալ խումբերը՝ ներառեալ սկաուտները եւ անոնց փոխառաջնորդերը արդէն վերադարձած էին Պէյրութ:
1 Օգոստոսին, սկաուտական խումբերը բարձրացան բանակավայր: 4 Օգոստոսին բանակավայր բարձրացան արենուշները: Նոյն օրը բանակավայր այցելեցին ՀԲԸՄ-ի Ամառնային ջամբարի աշակերտ- աշակերտուհիները: Թիթեռները նոյնպէս ամսուն 4-ին բարձրացան բանակավայր եւ յաջորդ օրը վերադարձան Պէյրութ: Գայլիկները եւ արծուիկները 8 Օգոստոսին բարձրացան բանակավայր: Բանակավայրի առօրեան յագեցած էր դաստիարակչական ժամանցներով, խաղերով:
11 Օգոստոսին բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Թոթեմի արարողութիւն (սկաուտական կրակի մկրտութիւն): Քոյր Գարոլ Մազմանեան, քոյր Փամելա Ֆրենկիչեան, քոյր Ազատիկ Գույումճեան, քոյր Գալին Առաքելեան, եղբայր Սեւակ Ապատեան ստացան իրենց թոթեմները: Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ ատենադպիր Յակոբ Թելվիզեանը, նախկին խմբապետուհի տիկին Յասմիկ Չերչեանը:
Բանակավայր այցելեցին մեծ թիւով միութենականներ, նախկին խմբապետական կազմէն անդամներ, ծնողներ, բարեկամներ:
12 Օգոստոս 2017՝ խարուկահանդէսի օրը, բանակավայր ժամանած էին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ,Լիբանանի արենուշական ֆետերասիոնի նախագահուհի Լենա Իւրնեշլեան-Քարակէօզեանը, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեանը եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Վեթերան սկաուտական համախմբումի ատենապետուհի Մայտա Քիւրեճեանը, ծնողաց եւ այլ վարչութիւններու անդամներ, միութենականներ, հիւրեր, ծնողներ:
Բանակումի կայմին վրայ կը ծածանէին Լիբանանի, Հայաստանի, «Սքութ տիւ Լիպանի», ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշները: ՀԵԸ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ կայմին առջեւ տողանցելով հերթաբար մուտք գործեցին ՀԵԸ- Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ եղբայր Յովիկ Գույումճեանը ընդհանուր փոխխմբապետ եւ երէցական խմբապետ եղբ. Կարեն Պասմաճեանը,անոր յաջորդեցին քառավելները իրենց խմբապետուհիին Գալին Առաքելեանին հետ: Արին Տաքեսեան (խմբապետուհի) եւ Արինա Պապողլանեան(փոխխմբապետուհի) առաջնորդեցին արենուշները: Արծուիկները խմբապետուհի Ալին Սէֆերեանի, իսկ թիթեռները քոյր Սթեֆանի Քոթահալեանի, գայլիկները՝ քոյր Միրէյ Թօսունեանի, սկաուտները՝ օգնական երէցներ եղբ. Համբիկ Սեմերճեանի եւ ժիրայր Աունի, երէցները՝ եղբ. Յակոբ Ժամկոչեանի եւ եղբ. Յակոբ Հատաճեանի գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին բանակումի բեմահարթակը:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, եղբայր ժիրայր Թօսունեան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի խմբապետական կազմի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, դիտել տալով որ սկաուտական կեանքը երիտասարդը կը դարձնէ ինքնավստահ, գիտակից եւ ընկերային: Մարինէլ Ապտէլնուր արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն կառոյցներուն, վարչութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք սիրայօժար օժանդակութեան ձեռք մեկնեցին բանակումին յաջողութեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան յայտնեց, թէ մեր տղաքը եւ աղջիկները բանակումի ընթացքին առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու բնութեան եւ վայելելու անոր ընծայած բարիքները: Ան շեշտեց, թէ այս տարուան խարուկահանդէսին խորհուրդն է ղեկավարի անմար ճանապարհը, աւելցնեով՝ սկաուտները քիչ ետք պիտի ներկայացնեն այս շունչով պատրաստուած յայտագիր մը: «Բանակումի ընթացքին, մեր սկաուտները ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշին տակ դաստիարակուեցան հայկական շունչով եւ ոգիով, վառ պահելու հայկական աւանդութիւնները», ըսաւ Գործադիրի ատենապետը միաժամամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողաց եւ ընկերային վարչութիւններուն:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ըսաւ. «Տարեկան բանակումը այն հարթակն է, ուր կը վերահաստատենք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի առաքելութիւնը շարունակելու մեր երդումը»: Վիգէն Չերչեան խօսքը ուղղելով մեր վաղուան սերունդի ներկայացուցիչներուն շարունակեց.«Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, սկաուտական շարժումը Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան համար կը նշանակէ պատրաստել ամուր նկարագիրի եւ բարոյական արժանիքներու տէր, հաւատաւոր, անձնուէր հայեր՝ ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Միութիւնը այն հզօր ուժն է սիրելիներ, որուն կրթնած պիտի աշխատինք բոլորս: Միասնական սիրտով եւ հոգիով դէպի նորանոր հորիզոններ»:
Ան ջերմապէս շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի խմբապետական բոլոր կազմերը, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ընդհանուր խմբապետ եղբայր Յովիկ Գույումճեանին, Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեանին, սկաուտականեւծնողաց վարչութիւններուն:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Թելվիզեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեան հրաւիրուեցան վառելու խարոյկը:
Դէպի բնութիւն բարձրացող կրակը եւ անոր զուգահեռ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրը բարձրացուցին ներկաներուն տրամադրութիւնները: Գեղարուեստական յայտագիրը կը պատկերէր սկաուտական շարժումի հիմնադրութիւնը, անոր բոլորած փուլերը: Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անցնող տասներկու ամիսներու գործունէութիւնը ամփոփող տեսաերիզ մը:
Խանդավառուելով այս ուրախ մթնոլորտէն կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, անհատներուն, որոնք զանազան միջոցներով օժանդակեցին բանակումին եւ խարուկահանդէսին յաջողութեան:
Խարուկահանդէսը իր աւարտին հասաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի «քոյր եղբայրներ» խմբերգով, որմէ ետք ներկաները «Հրաժեշտի Երգ»ով բաժնուեցան բանակավայրէն, մէկ առ մէկ շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի եւ սկաուտական շարժումի պատասխանատուները:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ