Ֆրանսահայ բարերարներ Պօղոս եւ Մարիձա Փալաճեանները աջակցութիւն ցուցաբերած են Ստեփանակերտի մէջ ապրող 120 միայնակ տարեցներու եւ հաշմանդամներու։
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ԱՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան տնային պայմաններու մէջ միայնակ տարեցներու եւ հաշմանդամներու հասարակական սպասարկման կեդրոնի տնօրէն Արեգա Ադամեան յայտնած է, թէ ֆրանսահայ բարերարները նշուած բոլոր քաղաքացիներուն բաժնած են սննդամթերքէ կազմուած տոպրակներ:
«Յաճախ կ’այցելենք Արցախ: Այս նախաձեռնութեան գաղափարը ծագած է, երբ հանդիպած ենք Ստեփանակերտի մէջ գործող տուն-հիւանդանոցի տնօրէնի հետ»,- ըսած են բարերարները` աւելցնելով, որ անիկա շարունակական պիտի ըլլայ:
Իսկ ծրագիրի հաշուառուներէն 90-ամեայ Աշխէն Մինասեանը նշած է, որ ասիկա կարեւոր աջակցութիւն է, քանի որ ամէնամսեայ թոշակով կը կատարեն ելեկտրականութեան, կազի եւ ջուրի վճարումները, իսկ այս օգնութիւնը կը կրճատէ ծախսերը:
Նշենք, որ ԱՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան տնային պամաններու մէջ միայնակ տարեցներու եւ հաշմանդամներու հասարակական սպասարկման կեդրոնը կը խնամէ 180 միայնակ տարեց եւ հաշմանդամ: Կեդրոնի տնօրէն Արեգա Ադամեանի խօսքով` Ստեփանակերտի եւ հանրապետութեան շրջաններուն մէջ խնամքը կ՝իրականացուի 19 ընկերային աշխատողի կողմէ:
Ըստ գործող կարգին` ծրագիրին կրնան ընդգրկուիլ միայնակ 63 տարին լրացած տարեցները եւ առաջին ու երկրորդ կարգի հաշմանդամութեան կարգ ունեցողները: Արեգա Ադամեան նշած է, որ սպասարկման մէջ կը մտնէ առաջին բժշկական օգնութիւնը, ելեկտրականութեան, կազի եւ ջուրի ծառայութիւններուն վճարումը եւ անհրաժեշտ գնումները շուկայէն ու դեղատունէն: 180 միայնակներէն 120-ը կը բնակի Ստեփանակերտի մէջ: Շրջաններուն մէջ կայ մէկական ընկերային աշխատող. անոնք սահմանուած կարգով՝ շաբաթը երեք-չորս անգամ՝ կախուած հաշուառուներու կարիքներէն եւ պահանջներէն, կը կատարեն այցելութիւններ: Տարեցները նաեւ կը ստանան պարէն եւ մթերք: