Մեծարգոյ Նախարար
Հայաստանի Հանրապետութեան
Սփիւռքի Նախարարութեան
Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան,
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը խորին ցաւակցութիւններ կը փոխանցէ Ձեզի եւ Ձեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն, Ձեր վաստակաւոր դաստիարակ եւ մանկավարժ մօր Տիկ. Թերեզա Օհանեանի մահուան առթիւ:
Թող այս դժուար եւ ցաւալի բաժանումը մեղմանայ Ձեր օրինակելի մօր կտակած բեղուն նուաճումները յիշելով:
Թող հողը թեթեւ գայ:
Ի դիմաց`
ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Անի Լաչինեան-Մակարեան Յակոբ Գասարճեան