Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

«Emporio Armani»-ն եւ «Հայկական Կայսրութեան» քարոզչութիւնը Թուրքիոյ Մէջ

Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ «HERO» (Հերոս) գրութեամբ վերնաշապիկ կրելու պատճառով ձերբակալուած է 4, կալանաւորուած 1 քաղաքացի: Ըստ «Էրմէնի հապեր»-ի՝ թրքական «Listelist» կայքի սիւնակագիր Սէլիմ Կերչէքերը այս առթիւ կը յիշեցնէ, որ միայն վերնաշապիկին վրայ առկայ գրութեան պատճառով մարդոց հետապնդումները նորութիւն չեն Թուրքիոյ մէջ:

2011-ին թեմային անդրադարձած «Ակօս»-ի թղթակից Զաքարիա Միլդանօղլուն ներկայացուցած է պատմութիւններ այն մասին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ձերբակալուած են «Emporio Armani» գրութեամբ շապիկ կրող զբօսաշրջիկները` «հայկական քարոզչութիւն կատարելու» մեղադրանքով:

Պատճառը այն է, որ  որոշ շարքային թուրք քաղաքացիներ եւ նոյնիսկ թարգմանիչներ «Emporio Armani»-ն «թարգմանած են» որպէս «հայկական կայսրութիւն»:

Այսպէս, 1988-ին Թուրքիոյ Աւշա կղզիին մէջ ոմն Կիրակոս (ըստ փաստաթուղթերու` Գիրեգեօզ Մերքեզօղլու) իր կնոջ եւ երկու դուստրերուն հետ ափ կ՛երթայ` ձուկ գնելու: Այդ պահուն վաճառականներէն մէկը կը նայի «Emporio Armani» գրութիւնը կրող անոր վերնաշապիկին եւ կը հարցնէ. «Դուն ինչ է, հայ արքա՞յ ես: Դուն հայկական կայսրութիւ՞նը կը քարոզես»:

Այս խօսքերուն վրայ Կիրակոսը կը շրջապատէ շուրջ քսան հոգինոց ազգայնականներու խումբ մը, որ կը պատրաստուի անոր հետ Լինչի դատաստան տեսնել: Կիրակոսը փախուստի կը դիմէ եւ կ՛ապաստանի ոստիկանական բաժանմունք, որոշ ժամանակ անց կրնայ վերադառնալ իր հիւրանոց: Սակայն ազգայնամոլներու բողոքէն ետք ոստիկանները կրկին կը ձերբակալեն եւ կը հարցաքննեն զայն:

Նոյն մակնիշի վերնաշապիկ կրելու համար մեղադրուած է նաեւ ոմն Ուլգեն Չաղդաշը, որ 16 տարեկանին ոստիկաններուն կողմէ մեղադրուած է հայկական քարոզութեան մէջ: Ան ալ արդարացած է, թէ վերնաշապիկը իր մայրը գնած է:

Ուրիշ անգամ մը նոյն «յանցանք»ին մէջ մեղադրուած է նաեւ  թոշակի անցած թուրք գնդապետի մը  եղբօրորդին: Վերջինս արդարացած է, թէ ինք «իտէալիստական օջախներու (Ülkü Ocakları) հետեւորդ է ու այդ պատճառով իրեն նման մեղադրանք առաջադրելու իրաւունք չունին:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին