Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ախալքալաքի Առաջին Դասարանցիները «Նոթպուք» Ստացած են

Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը սկսած է համակարգիչներու բաշխումը Ջաւախքի առաջին դասարանցիներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»-ը՝ վկայակոչելով «Jnews.ge»-ը։

Յուլիս 22-ին, Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները Ջաւախք հասցուցած են առաջին դասարանցիներու համար նախատեսուած նոթպուքերը:

Ախալքալաքի շրջանին մէջ, 2017-2018-ի ուսումնական տարեշրջանի 614 առաջին դասարանցիներ պիտի ստանան նոր Acer նոթպուքեր, իսկ Նինոծմինդայի շրջանի մէջ՝ 351 առաջին դասարանցիներ:

«Իմ առաջին համակարգիչը» ծրագիրը, ըստ որուն բոլոր առաջին դասարանցիներուն պիտի բաժնուի համակարգիչներ, սկսած է 2011-ին:

Այս տարի աննշան, սակայն նուազած է Ախալքալաքի շրջանի առաջին դասարանցիներու թիւը՝ նախորդ տարուան հետ համեմատած: Անցեալ տարի առաջին դասարանցիներու թիւը 674 էր:

Բորժոմի շրջանին մէջ այս տարի համակարգիչներ կը ստանան 337 առաջին դասարանցիներ, Ախալցխայի մէջ՝ 596, Ադիգենիի մէջ՝ 194, իսկ Ասպինձայի մէջ՝ 166:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին