Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուող հաղորդումներուն նուիրուած «Հովիտի Հայերը» («The Valley՛s Armenian», ակնարկելով Սան Ուաքին հովիտին) յայտագիրի հաղորդավար Սթեֆանի Պուրուճեան, Կիւմրիէն կատարած իր հաղորդումով կը տեղեկացնէ, թէ շնորհիւ Ֆրեզնոյի «Ռոթըրի» բարեսիրական կազմակերպութեան ջանքերուն եւ այդ կազմակերպութեան միջազգային մարմինին ցուցաբերած աջակցութեան՝ արեւային ուժանիւթի մօտաւորապէս 100,000 տոլար արժող սարքաւորումներ տրամադրուած են Կիւմրիի մէջ գործող «Պերլին» դարմանատան։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Սարքաւորումները արդէն իսկ Կիւմրի հասած են ու այժմ աշխատանք կը տարուի զանոնք դարմանատան տանիքին վրայ զետեղելու՝ ուժանիւթի ծախսերուն մէջ յատկանշական խնայողութիւն մը ապահովելով Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ գործող բարեսիրական այս դարմանատան, որ յատկապէս ձմեռները ուժանիւթի կարիքներուն հասնելու դժուարութիւն կը դիմագրաւէր։
Սթեֆանի Պուրուճեան կը տեղեկացնէ, թէ 1988-ի երկրաշարժէն ետք, քաղաքին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւններէն մէկն է այդ դարմանատունը, որ 1993-ին հաստատուած է՝ Պերլինի Կարմիր Խաչին ջանքերով, եւ որ տարեկան մօտաւորապէս 70,000 քաղաքացիի բժշկական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ ձրիաբա՛ր։