Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Արցախը Երկիր Մըն է, Ուր Զբօսաշրջիկները Կրնան Ապահով ու Անվտանգ Զգալ. Հնդիկ Քանդակագործ

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիս 1-էն Շուշիի մէջ մեկնարկած է «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան ըսած է, որ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքին Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն, Սերպիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն կը մասնակցի 10  քանդակագործ:

«Մասնակիցները Ասկերանի շրջանի Սզնէք գիւղէն բերուած մարմարացուած կրաքարերու վրայ տարբեր քանդակներ կը կերտեն. Աւարտելէ ետք՝  անոնք պիտի տեղադրուին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին կից «Քանդակներու պուրակ»-ին մէջ»,- նշած է Լ.Գասպարեան:

Կան մասնակիցնէր, որոնք երկրորդ անգամ է կը մասնակցին կոչունքին:

«Այս կոչունքին առանձնայատկութիւնը այն  է որ, մէկ անգամ այցելելով Արցախ եւ մասնակցելով ձեռնարկին՝ յաջորդ տարիներուն իրենք, անպայման, մասնակցութեան յայտեր կը ներկայացնեն,  որ շատ  կարեւոր  է: Իրականացած 4 կոչունքներուն ժամանակ քանդակագործներ ունեցած ենք Պելճիքայէն, Պելառուսիայէն, Խորուաթիայէն, Զուիցերիայէն, ԱՄՆ-էն, Ճափոնէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն եւ շատ այլ երկիրներէ: Միայն Իտալիայէն մասնակցած է 19 աշխարհահռչակ փրոֆէսըր քանդակագործ»,-աւելցուցած է Գասպարեանը:

Սերպիացի  քանդակագործը, իր հերթին նշած է, որ ինքը առաջին անգամ է Արցախի մէջ. «Շատ գեղեցիկ երկիր է Արցախը, այստեղի մարդիկ շատ բարի են, հիւրասէր: Ես զարմացած  եմ, որ այսպիսի փոքր քաղաքը, ինչպէս Շուշին, ունի այսպիսի մշակութային կեդրոններ. անոնք բաւական լաւ հարթակ են` աշխարհի տարբեր երկիրներու մշակութային գործիչները համախմբելու եւ միաւորելու համար: Պատմութեան գիրք կը քանդակեմ, անիկա պիտի ներկայացնէ գիտութեան եւ մշակոյթի շերտերը։ Ըսեմ, որ ստեղծագործելու ժամանակ ներշնչանք ստացած եմ հայկական մշակոյթէն»:

Եգիպտացի քանդակագործը, խօսելով իր տպաւորութիւններուն մասին, նշած է, որ ինքը շատ ուրախ է նման գեղեցիկ ձեռնարկի մը մասնակցելուն համար եւ բաւական տպաւորուած է Արցախով եւ արցախցիներով:

«Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ունիք այսպիսի հիանալի երկիր: Ես որոշած եմ պատրաստել  իւրայատուկ քանդակ-ճեպանկար մը եւ զայն սիրով նուիրեմ ձեզ` ձեր հրաշք երկրին: Ես այցելած եմ նաեւ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Այստեղ մարդիկ խաղաղ են, ուրախ: Ես զիս այստեղ անվտանգ կը զգամ»,-անկեղծացած է եգիպտացի քանդակագործը:

Հնդիկ քանդակագործը ըսած է, որ ինքը առաջին անգամ Արցախ եկած է 2014 թուականին. «Այստեղ բարի եւ կամեցող մարդիկ կ’ապրին. Արցախի մէջ ոգի կայ: Ես Արցախի մէջ արդեն ընկերներ ունիմ: Զարմանալին այն է, որ ես արցախցիներու եւ հնդիկներու միջեւ նմանութիւններ կը նկատեմ, նոյնիսկ բառեր կան, որոնք իրար շատ նման են: Ես շատ  հաւնած եմ ձեր ճաշատեսակները՝ բազմազան ու համեղ»:

Հնդիկ այլ քանդակագործ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Արցախ, իր տպաւորութիւնները կիսելով՝ ըսած է. «Հիասքանչ բնութիւն ունիք: Ես զբօսնած եմ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ. տպաւորութիւնս այնպիսին է, թէ ես Եւրոպայի մէջ եմ: Արցախի մասին լսածս տեսածիս հետ չի համապատասխաներ: Իրականութեան մէջ այստեղ մարդիկ կ’ապրին կը ստեղծագործեն, կ’արարեն, ամէնուր  կեանքը կը յորդի: Ասիկա երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան ապահով ու անվտանգ զգալ եւ լիարժէք հանգստանալ»:

Կոչունքի մասնակիցներուն չի հետաքրքրեր, որ իրենք կրնան յայտնուիլ Ազրպէյճանի «սեւ  ցուցակ»-ին մէջ: Անոնք այն կարծիքը ունին, որ մշակոյթը կրնա օգնել տարբեր ազգերու մերձեցման:

Յուլիս 20-ին, տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքի փակման արարողութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին