Հայաստանը երբեք չէ հրաժարած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններէն:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` պատասխանելով այն հարցին, թէ Յուլիս 4-ին ազրպէյճանական կողմի սադրանքէն յետոյ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում կը սպասո՞ւի: «Հայաստանը երբեք չէ հրաժարած բանակցութիւններէն, թէ՛ ամենաբարձր մակարդակով, թէ՛ նախարարներու մակարդակով: Ես քանի մը օր առաջ ըսած եմ` բացառուած չէ, որ Յուլիսին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում ըլլայ: Բանակցութիւնները այլընտրանք չունին»,- ընդգծած է Նալպանտեանը:
Անդրադառնալով Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրավիճակի լարման յաջորդած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան` Նալպանտեան ընդգծած է, որ համանախագահները անմիջապէս պէտք է արձագանգէին, որ արդէն ըրած են: «Բայց մինչեւ այդ արձագանգը մենք խօսած էինք թէ՛ եռանախագահներու, թէ՛ Անճէյ Գասփշիկի հետ»,- ընդգծած է Նալպանտեանը:
Ազրպէյճանական կողմը սկսած է շահարկել 2-ամեայ երեխայի մը մահը: «Դիւանագիտութիւնը մամուլով եւ հեռուստատեսութեամբ չի վարուիր: Ինչքան կրնանք իրազեկել այդ մասին, կ’իրազեկենք: Երէկ թէ՛ նախարարութեան մամուլի խօսնակի, թէ՛ արտաքին գործոց փոխնախարարի յայտարարութիւնները մեր արձագանգն էր ազրպէյճանական սադրանքին եւ կը պատասխանէր բոլոր հարցերուն»,- եզրափակած է Նալպանտեանը:






