spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջ-Եկեղեցական Շարժումին Մասին Դասախօսեց Համալսարանական Աշակերտներու

Երեքշաբթի, 4 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան մասին դասախօսութիւն մը տուաւ, շեշտելով համաքրիստոնէական այս շարժումին կարեւորութիւնը, ներկայացնելով անոր դիմագրաւած ներկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներ սկսած են անտարբերութիւն ցոյց տալ ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն եւ Միջ-Քրիստոնէական այս շարժումին նկատմամբ:

Համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիները Լիբանան ժամանած էին Յորդանանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն ու Պաղեստինէն, մասնակցելու աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող յատուկ դասընթացքի մը: Նոյն դասընթացքին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան եւ Օր. Մակալի Մանուկեան, որոնք արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներ կարդացին Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ:

Դասախօսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ապա, շուրջ աւելի քան քառասուն հոգիներէ բաղկացած ուսանողներու խումբը շրջեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին