Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

«Զարթօնք»ի Կազմակերպած Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով» Գիրքի Շնորհանդէսի Բացման Խօսքը. Արտասանուած «Զարթօնք»ի Երկարամեայ Աշխատակից՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանի Կողմէ

Մեծայարգ Պրն. Սերժ Սրապիոնեան՝ ՀՀ Սփիւռքի Փոխ նարարար

Մեծայարգ Պրն. Վլատիմիր Պօղոսեան՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան դիւանագիտական Կազմի Անդամ

Յարգելի ընկ. Յակոբ Գասարճեան

Յարգելի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, Հայրենի եւ Սփիւռքահայ մտաւորականներ ու մամլոյ ներկայացուցիչներ

Շատ սիրելի ներկաներ

Ինչպէս ձեզմէ շատերուն ծանօթ է, վերջերս լոյս տեսաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդանանի նախկին անդամ եւ Թ.Մ.Մ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով Յիսնամեայ գործունէութեան Արձանագրութիւն» գիրքը:

Գիրքը առաջին անգամ եւ բնականաբար ներկայացուեցաւ Պէյրութի մէջ ընկերական սեղմ եւ մտերմիկ շրջանակի մը մէջ: Կարելի չէր սակայն Հայրենիքի մէջ ալ չկազմակերպել Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի գիրքին Շնորհանդէսը: Ա՛յն Հայրենիքին, որուն գոյութեան կենսականութեան խորապէս հաւատացած է ընկեր Գասարճեանը ու անոր բարօրութեան համար անվերապահօրէն աշխատած: Գիտակցելով այս շատ կարեւոր կէտին, «Զարթօնք» միշտ հաւատարիմ իր ազգային եւ կուսակցական յանձնառութիւններուն, բնականաբար իր վրայ առաւ այսօրուայ Շնորհանդէսի կազմակերպումը, որուն համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց անոր խմբագրութիւնը:

Գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է, ուր ամփոփուած է Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէս դարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը:

Ընկ. Գասարճեան իր գիրքին մէջ պատմութեան համար տուած է իր գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնք կ’առնչուին իր ընտանիքին, Հ.Ե.Ը.-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, Ռ.Ա.Կ.-ին, Թ.Մ.Մ.-ին, Հայրենիքին, Արցախին եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին:

Անցնող 50 տարին Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ «Վերելքներով եւ ընկրկումներով հարուստ ժամանակաշրջան մըն էր, որ անկասկած իր հետքը ձգեց գործունէութեանս տարիներուն վրայ». իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ ընկ. Գասարճեան:

Այս ներշնչող եւ ուսանելի գիրքին նիւթերը հաւաքած եւ խմբագրած է ընկ. Յովիկ Էօրտեքեան, որ ի մի բերած է ընկ. Յակոբ Գասարճեանի տարբեր տարիներու գրառումները, նօթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը:

Սփիւռքահայ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն եւ ապագայ ուսումնասիրողներուն հարուստ նիւթ եւ ատաղձ հայթաթելէն անդին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող այս գիրքը Հայրենիքի մէջ ո՞վ լաւագոյնս կրնար ներկայացնել բացի՝ մեր կուսակցութեան պատմութեան հետ մեծապէս առնչուած Հայրենի քաղաքական գործիչ ընկեր Վիգէն Խաչատրեանէն, որուն «Զարթօնք»ի անունով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին