Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Երբ Հաւաքականութիւնը Աւելի Քան Տգէտ Է

Կ’ըսուի, թէ Լատին Ամերիկացի ընկերվար մեծ յեղափոխական Չէ Կեվարայի ձերբակալումէն ետք, զինք ձերբակալող պոլիւեական բանակի զօրախումբին սպան հարցուցած է Կեվարայի թաքստոցը մատնող տեղացի աղքատ հովիւին. «Ինչո՞ւ մատնեցիր անձ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած էր պաշտպանելու քեզի պէս աղքատներու կեանքն ու իրաւունքները…»:

Հովիւը պատասխանած է. «Իր  կռիւները զինուորական խումբերու դէմ ոչխարներուս վախ կը պատճառէին…»:

Այս ցաւալի պատմուածքը, սիրելի՛ ընթերցող, զիս մտածել տուաւ երէկ գիշեր, թէ շատ յաճախ տգէտ եւ եսակեդրոն հաւաքականութեան մը օգուտին համար պայքարիլը կրնայ նմանիլ կոյրերուն ճամբան լուսաւորելու համար ինքզինք այրելու ազնիւ սակայն յումպէտս արարքին…:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին