Հրայր եւ Սուսաննա Պօղոսեանները, իրենց հինգ զաւակներուն հետ այս տարուան Դեկտեմբերին պիտի ունենան նոր, յարմարաւէտ տուն. Արցախի Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ, երեք շաբաթ առաջ սկսած են ընտանիքի տան կառուցման աշխատանքները: Տան ընդհանուր մակերեսը պիտի ըլլայ 95 քառակուսի մեթր: Տունը պիտի յանձնուի կահոյքով եւ կենցաղային սարքերով յագեցած, պիտի ունենայ 4 սենեակ` 1 հիւրասենեակ եւ 3 ննջասենեակ:
Պօղոսեաններու ընտանիքը Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ բնակող 7-րդ բազմազաւակ ընտանիքն է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ (ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի նիւթական աջակցութեամբ) պիտի ունենայ նորակառոյց սեփական տուն:
Ընտանիքներէն 4-ը` 2-ը նոյն Ճարտարի, 2-ը Մարտունի քաղաքին մէջ արդէն կը բնակին նորակառոյց տուներու մէջ, իսկ Վարանդա գիւղին մէջ, 2 տուներու կառուցման աշխատանքները կը մօտենան աւարտական փուլին: