Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 1000 տոլարի նուիրատւութիւն մը կատարած է Հայկական Աչքի խնամքի ծրագիրին (AECP), նպաստելու համար Հայաստանի տարածքին մարդասիրական սպասարկութիւններ իրականացնող այս կազմակերպութեան գործունէութեան։
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին համաձայն՝ այս նպատակով կատարուած դրամահաւաքին իրենց աջակցութիւնը բերած են Հայ ուսանողական միութեան անդամներ, որոնք կը գիտակցին, թէ Երեւանի մէջ իր 6 դարմանատուներով եւ Հայաստանի տարածքին իր շարժուն ակնաբուժական հիւանդանոցով օժանդակութիւններ մատուցող Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրը՝ որքա՛ն կարեւոր է Հայաստանի բնակչութեան առողջութեան համար։
Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր սատարելու համար, այցելել «eyecareproject.com» կայքը։