Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Աշակերտներու Այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Ամենամեծ Աստղադիտարանը

Հայկական աստղագիտութեան մէջ, ըստ պատմական ու հնագիտական տուեալներու, հայկական լեռնաշխարհէն ներս Ք.ա. առաջին հազարամեակի կէսերէն սկսեալ, հայերը օգտուած են լուսնային, ապա՝ արեգակնային օրացոյցէ։ Դեռ աւելի վաղ միջնադարեան ժամանակներուն, յոյն գիտնականներու աստղագիտական բնոյթի աշխատութիւնները թարգմանուած են հայերէնի:

Արեգակը միայնակ աստղ չէ: Անոր ձգողութեան ոյժի շնորհիւ իրեն մօտիկ կը պա­հէ տարբեր չափեր եւ զանգուածներ ունեցող տարատեսակ երկնային մարմիններ: Արեգակը եւ անոր շուրջը պտըտող մարմիններու համա­խումբը կ’անուանուի Արեգակնային համակարգ:

Արեգակնային համակարգի կեդրո­նական մարմինը Արեգակն է: Ան ջրածին է եւ հիլիումէ կազմուած շիկացած հսկա­յական կազային գունդ է:

Մեր արեւին շուրջ կը շրջին ութ մոլորակներ, որոնց հայկական անուանումներն են՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսընթագ, Երեւակ, Ուրանոս եւ Նեփթոն:

Վերջերս, ասղագէտները յայտնաբերած են 1200 արտամոլորակներ, որոնք Արեւին շուրջ չեն դառնար:

Այս ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 5 Յունիս, երեկոյեան ժամը 6-ին վարժարանիս 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի  անդամ՝ ընկ. Հրայր Հովիւեանի, տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներու այցելեցին Լիբանանի Նոթրըտամ Համալսարանի (NDU) մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի ամենամեծ աստղադիտարանը, ուր վայելեցին Աստուծոյ հրաշագործութիւնը տիեզերական ստեղծագործութեան մէջ,  ծանօթանալով անոր որոշ մանրամասնութիւններուն: Անոնք օգտագործեցին աստղադիտակը տեսնելու համար Արեւը, որմէ ետք յատուկ սենեակ մը մտնելով եռաչափ (3D) պաստառի վրայ ծանօթացան Արեգակնային համակարգին, ապա անցնելով աստղադիտարան, երկու հանգրուաններով անոնք դիտեցին նախ Լուսինը ու անոր վրայ գտնուող 3 տարբեր բաժինները, ապա երկրորդ հանգրուանին ելան եւ աստղադիտակով տեսան Լուսընթագն ու աստղերու համակարգը:

Այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը կարեւոր հանգրուան մը եղաւ աշակերտներուն համար: Դաստիարակիչ եւ  ուսումնավարժական կերպով, հաճելի եւ օգտաշատ պահերու ընդմէջէն ծանօթացան ասղագիտութեան որոշ գաղտնիքներուն:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին