Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ կայացած են Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրի տարբեր հայաշատ բնակավայրերու: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Ապրիլ 23-ին, Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Սոֆիայի հայկական կազմակերպութիւններու, հայ համայնքի եւ պուլկար հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ: Հրէշաւոր ոճրագործութիւնը դատապարտող ցուցապաստառներով եւ երկու հանրապետութիւններու` Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի դրօշներով, ցուցարարները Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ բակէն երթով շարժած են դէպի Երեւանեան պուրակ, ուր տեղադրուած խաչքարին մօտ մոմավառութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են անմեղ զոհերու յիշատակին:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են Սոֆիայի համադրիչ խորհուրդի ատենապետ եւ «Երեւան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդանոյշ Թոփաքպաշիյեանը, Նոր պուլկարական համալսարանի պատմաբան Աթանաս Պոյաճիեւը, ասմունքով հանդէս եկած են պուլկարահայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Ապրիլ 24-ին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան-խաչքարին մօտ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդ Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանը կարդացած է Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի աղօթք, որմէ ետք՝ ելոյթներով հանդէս եկած են Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը, Սոֆիայի հայկական կազմակերպութիւններու համադրիչ խորհուրդի ատենապետ Վարդանոյշ Թոփաքպաշիյեանը: Ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղուած են Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, «Միացեալ հայրենասէրներ» խորհրդարանական պատգամաւորական խումբի, Սոֆիայի հայկական կազմակերպութիւններու, պուլկար մտաւորականներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ:
Ապրիլ 21-ին, Փլովտիւի հայկական դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ: Ապրիլ 23-ին, Սուրբ պատարագ մատուցուած է Փլովտիւի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող յուշարձան-խաչքարին մօտ:
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է երթ դէպի Ռազմական ակումբ, ուր ելոյթով հանդէս եկած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ պուլկար հասարակական գործիչներ: Ընդունուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած հռչակագիր:
Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Վառնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ջահերով երթ դէպի քաղաքապետարանին մօտ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր կայացած հաւաքի ժամանակ ելոյթներ ունեցած են հայ համայնքի ներակայացուցիչներ:
Ապրիլ 24-ին, Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սրբոց նահատակաց բարեխօսութեան կարգ: Ներկաներուն իր օրհնութիւնը բերած է պուլկար ուղղափառ եկեղեցւոյ Վառնայի եւ Մեծ Փրեսլաւի թեմի առաջնորդ Եոհան արքեպիսկոպոսը: Հաւաքուածները ցուցապաստառներով եւ դրօշներով շարժած են դէպի Մեծ Եղեռնի յուշարձան, ուր զետեղուած են ծաղկեպսակներ Վառնայի քաղաքապետարանի, տարբեր հայկական եւ պուլկարական հասարակական կազմակերպութիւններու անունով, անհատներէ:
Ձեռնարկի աւարտին, խումբ մը հայ երիտասարդներ, ինքնաշարժներու երթով շարժած են դէպի Զօրավար Անդրանիկի հրապարակ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեծ հայորդիին:
Ապրիլ 24-ին, Հայաստանի, Պուլկարիոյ եւ Արցախի դրօշներով տեղի ունեցած է երթ դէպի Պուրկաս քաղաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին մօտ զետեղուած են ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ, տեղի ունեցած է նաեւ մոմավառութիւն:
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Սլիվէն քաղաքի հայութիւնը հաւաքուած է վերջերս տեղադրուած հայկական խաչքարին մօտ, ուր զետեղուած են ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ, տեղի ունեցած է մոմավառութիւն:
Նոյն օրը, Ռուսէ քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ: Ներկաներու շարքին եղած են Ռուսէի մարզպետ Սթեֆքօ Պուրտժիեւը, քաղաքապետարանի «կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան» բաժինի պետ Սաշօ Շդերեւը, պատգամաւորներ, խորհրդականներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլք: Արարողութեան աւարտին՝ մասնակիցները՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են անմեղ զոհերու յիշատակը:
Վելիքօ Դրնովօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են յիշատակի ձեռնարկներ, որոնց ծիրէն ներս՝ Պուլկարիոյ ազգային շարժում կուցակցութեան կից Երիտասարդական կազմակերպութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները գլուխ խոնարհած են Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Ապրիլ 24-ին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու, Պուլկարիոյ Սիլիսդրա քաղաքի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ կարդացուած է աղօթք: