Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ծառատունկ՝ Ի Յիշատակ Նախորդ Տարուան Ապրիլեան Պատերազմի Հերոսներուն

Ապրիլ 8-ին, ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Արցախի հարաւային զօրամասերէն մէկուն շրջակայքը կազմակերպուեցաւ ծառատունկ եւ շաբաթօրեակ: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձինք, ուսանողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Aparaj.am»-ը։

ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի խօսքով` այսպիսի ձեռնարկները նորութիւն չեն մեր երիտասարդութեան համար, ասիկա արդէն բարի աւանդոյթ է: «Այս մէկը այլ խորհուրդ ունի. հարիւրամեակներ առաջ մեր պապերը այս տարածքէն ոչ հեռու՝ Վարդանանց պատերազմի հերոսներու յիշատակին նուիրուած անտառներ հիմնած են, իսկ Արցախի սերունդը այսօր այստեղ ծառեր կը տնկէ՝ ի յիշատակ նախորդ տարուան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն»,- նշած է Նարինէ Աղաբալեան եւ աւելցուցած, որ ասով կը հաստատենք մեր հաւատարմութիւնը մեր իսկ դաւանած սկզբունքներուն ու պայքարին:

Աւելի քան 300 երիտասարդներու մասնակցութեամբ՝ այս նախաձեռնութիւնը ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը կը խոստանայ շարունակական դարձնել  եւ, շարունակելով բարի աւանդոյթը, Արցախի տարբեր վայրերու մէջ նոր այգիներ հիմնել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին