Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար Հայաստան ժամանած Սերժ Թանգեան` Արսինէ Խանճեանի եւ Ատոմ Էկոյեանի հետ, մեկնած է Արցախ:
Երաժիշտը իր Instagram-ին մէջ հոլովակ հրապարակած է, ուր արցախցի փոքրիկ մը կը կատարէ իր երգը։
«Իսկապէս տպաւորուած եմ` ըլլալով Արցախ: Ինչ զարմանալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են այստեղ: Այս երեխան կը կատարէ SOAD-ի Lonely Day-ը: Ան իրական ռոք աստղ է»,- մեկնաբանած է ան: