Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսահայ Բժիշկը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ’իրականացնէ

Ֆրանսական «Հայ-մեդ» կազմակերպութեան ոտնաբոյժ Մկրտիչ Կարապետեան Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցին մէջ կ’իրականացնէ անվճար ընդունելութիւն, խորհրդատուութիւն, ինչպէս նաեւ կը կատարէ վիրահատութիւններ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Մկրտիչ Կարապետեան ըսած է, որ ինքը արդէն 6-րդ անգամ ըլլալով Արցախ կ’այցելէ:

«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի տեղի մեր գործընկերներուն ներկայացնենք վնասուածքաբանութեան վերջին նորութիւնները, ինչպէս  նաեւ հաղորդակցուինք փորձի փոխանակումով»,- նշած է Մ. Կարապետեան:

Արցախի հանրապետական բժշկական հիւանդանոցի վնասուածքաբան Կարէն Դաւթեան, իր կարգին, տեղեկացուցած է, որ արդէն անոր կողմէն հետազօտուած է 50 հիւանդ:

«Ամէն անգամ գալով Արցախ` Մ. Կարապետեան իր ներդրումը կը բերէ. ան անվճար կ’իրականացնէ հիւանդներու ընդունելութիւն, հետազօտութիւն եւ վիրահատութիւն: Ճիշդ է, մեր հիւանդանոցին մէջ կան վիրահատութիւններու համար սարքեր, պարզապէս  մեզի քիչ մը կը պակսի մասնագիտական փորձը»,-ըսած է Կ. Դաւթեան` յայտնելով, որ Մ. Կարապետեանի կողմէ նախատեսուած է կատարել 5 վիրահատութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին