Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Նորութիւններ Արցախէն Ասկերանի Բերդը Կը Վերականգնուի

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Մինչեւ տարեվերջ` Ասկերանի բերդի Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին հարող հատուածը պիտի ներկայանայ նոր տեսքով: 18-րդ դարուն կառուցուած բերդին այդ հատուածը ոչ միայն պիտի վերականգնուի եւ բարեկարգուի, այլեւ՝ աւելի մատչելի պիտի դառնայ զբօսաշրջիկներուն համար: Ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ պետական պիւտճէէն, աշխատանքները արդէն սկսած են:

1 (1)

Մարտի առաջին օրերէն` Ասկերանի բերդը վերածուած է շինարարական աշխոյժ հարթակի: Ճանապարհամերձ տարածքը ցանկապատուած է` անցորդներու աչքէն թաքցնելով շինարարական եռուզեռը: «Ասկերան-Ստեփանակերտ մայրուղին է: Կը վերականգնուին բերդի ճանապարհէն աջ ու ձախ ինկած հատուածները»,- կը պատմէ ու նախագիծին վրայ ցոյց կու տայ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արման Գրիգորեանը:

2 (1)

Ասկերանի բերդը կառուցուած է 18-րդ դարուն: Մինչեւ նախորդ դարուն սկիզբն ալ շարունակած է մեծ դեր ունենալ Արցախի պաշտպանական համակարգին մէջ: Մեր օրերուն մեծ են անոր պատմական արժէքն ու զբօսաշրջային ներուժը: Բայց անիկա անհրապոյր ու անխնամ էր: Ազատամարտի տարիներուն նաեւ վնասուած էր պայթումներէն: Հարաւահայեաց աշտարակին մէկ մասը փլած էր: Աշտարակի վերի հատուածին վրայ դեռ կը պահպանուին 90-ականներու պատերազմի հրթիռի բեկորներուն հետքերը: Շարունակութիւնն ալ ապահոված են ժամանակն ու եղանակը: Վերականգնման ծրագիրը սկսաւ 2016-ին: «Նախորդ տարի կատարած ենք նախագծման աշխատանքներ, այս տարուան Մարտի սկիզբէն սկսած են շինարարական բուն աշխատանքները»,- կը մանրամասնէ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետը:

Մարտի սկիզբը սկսած են շինարարական բուն աշխատանքները: Կը փակուին պարիսպին վրայ եղած ճեղքերը, կը բարձրացուին քանդուած հատուածները, կը վերականգնուին հրակնատները: Երրորդ յարկը` հրակնատներու հարթակը ամբողջութեամբ՝ պիտի սալապատուի: «Այս տարուան նախագիծով նախատեսուած է հարաւ-արեւելեան պարիսպի եւ երկու աշտարակներու ամբողջական վերականգնումը»,- տարուան ընելիքները կ’ամբողջացնէ վերականգնողական աշխատանքները իրականացնող  «Ռեսպամ» ՍՊԸ աշխղեկ Արման Գաբրիէլեանը: Շաղախի համար ոչ թէ կրաշաղախ կ’օգտագործուի, այլ՝ կիր: Իբրեւ շինաքար կը ծառայեն պարիսպներէն թափուած եւ շրջակայ տարածքէն հաւաքած քարերը: Այնպէս որ` պարիսպներու հին ու վերականգնուած հատուածներուն սահմանը միայն շինարարը գիտէ: «Ասիկա հին հատուածն է, այս մէկը՝ քանի մը օր առաջ շարուածը: Տարբերութիւն գրեթէ չի զգացուիր,- հինի ու նորի տարբերութիւնը կը նկատուի միայն աշխատանքի ղեկավարին ցոյց տալէն ետք: -Երկու-երեք ամիս անց՝ ընդհանրապէս տարբերութիւնը պիտի չզգացուի»,- կը վստահեցնէ Արման Գաբրիէլեան: Իջնելու եւ բարձրանալու հետ կապուած դժուարութիւնները շինարարներուն համար են: Իսկ զբօսաշրջիկներուն համար, վերականգնումէն ետք, Ասկերանի բերդը պիտի ըլլայ յարմարաւէտ եւ ապահով: Վերին հարթակի եզրով պիտի ըլլայ երկաթէ բազրիք, իսկ իջնելու եւ բարձրանալու համար՝ յարմարաւէտ երկաթէ աստիճաններ: Ի դէպ, աստիճաններ պիտի ունենան նաեւ աշտարակները: Յարմարաւէտութիւնը, այս պարագային, կարեւոր պայման է: Վերականգնուած հատուածը կը նախատեսեն աշխոյժ օգտագործել. իբրեւ թանգարան, թէ այլ նպատակով մը՝ դեռ կը քննարկուի:

3

Ասկերանի բերդին վերականգնողական աշխատանքները կ’իրականացուին Արցախի պետական պիւտճէին միջոցներով: 51 միլիոն դրամ գնահատուած այս փուլին աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ տարեվերջ: Միաժամանակ, պիտի սկսին նախագծային աշխատանքները՝ յուշարձանը ամբողջութեամբ վերանորոգելու նպատակով:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին