Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Պլոկըրներու Միջազգային Համաժողով

«Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պլոկըրներու միջազգային համաժողով, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 30 պլոկըր` աշխարհի 11 երիրներէ:

Յիշեցնենք, որ շարք մը յայտնի պլոկըրներ եւ լրագրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն իբրեւ բողոքի նշան Ազրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Անոնք կը բողոքեն Մինսկի կողմէ Պաքուին յանձնուած Ալեքսանդր Լափշինի ձերբակալութեան դէմ:

«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` Ֆորումի  գլխաւոր թեմաններն  են` հակամարտութիւններու ներկայացումը ընկերային մետիայի եւ պլոկըրներու ու լրագրողների ազատութիւններու ապահովումը:

Համաժողովը կը վարէր «Արցախակերտում» կազմակերպչութեան համանախագահ Արտակ Բեգլարեան եւ մեդիափորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:

«Աշխարհ» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Ստեփանակերտ) տնօրէն, ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներու փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան ֆորումին ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան յառաջացման պատճառները:

«Փորձը ցոյց կու տայ, որ աշխարհաքաղաքական ուժերը, եթէ չեն ցանկար զբաղիլ խնդիրով, ապա թերեւս պլոկըրները, որպէս նոր ձեւաւորուող հանրային տեղեկատուութեան իրականութիւն` կրնան ազդել իրավիճակին վրայ»,-նշած  է  Հ.  Արզումանեան։

Արցախի հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան ներկայացուցած է Արցախի զբօսաշրջութեան վիճակը:

«Արցախի Հանրապետութեան զբօսաշրջութիւն ըսելով, կը հասկնանք տարեկան շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ, 43 հիւրանոցային տնտեսութիւն, 7 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, զբօսավարներ: Արցախի Հանրապետութիւն կ’այցելեն զբօսաշրջիկներ` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ»,-մասնաւորապէս  ըսած  է  Ս.  Շահվերդեան:

Ֆուրումին մասնակիցները հանդէս եկած են իրենց յուզող հարցադրումներով, որոնք  հիմնականօրէն կը վերաբերէին հակամարտութեան եւ  Արցախի ճանաչման, խօսած իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Ֆորումի վերջաւորութեան մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին