Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայկական Shadowmatic Խաղը Հասանելի Է Նաեւ Android Օգտատէրերուն Համար

Հայկական Triada Studio ընկերութեան ստեղծած խաղը հասանելի դարձած է նաեւ Android համակարգով աշխատող սմարթֆոններու ու պլանշեթներու օգտատէրերուն համար` յայտնուելով Google Market-ի մէջ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

2015-ի Յունուարին լոյս տեսած խաղը մինչեւ այժմ հասանելի էր միայն iOS-օգտատէրերու համար: Խաղը նուաճած է բազմաթիւ տիտղոսներ ու մրցանակներ: 2015 թուականի Յունիսին Shadowmatic-ը դարձած է Apple Design Awards-ի մրցանակակիրը` դառնալով մրցանակին արժանացած առաջին հայկական խաղը:

Խաղը հասանելի է անվճար ներբեռնման համար: 4 առանձին սենեակի մէջ առաջին 14 մակարդակները անցնելէ ետք խաղցողները կրնան աշխուժացնել խաղի մնացած մասը մէկանգամուայ վճարում կատարելով:

Խաղը նաեւ արժանացած է 2 մրցանակի DevGAMM Awards-ի, ինչպէս նաեւ ճանչցուած է տարուան լաւագոյն խաղ iPhone-ի համար Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, «Լաւագոյն խաղեր iPhone-ի համար» մրցանակակիր դարձած է ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Հոնքոնկի եւ Թայուանի մէջ խաղը յաղթած է «Ամէնէն նորարարական խաղ iPhone-ի համար» անուանակարգին, իսկ Քորէայի մէջ ստացած է «Լաւագոյն պեսթսելըր iPhone-ի համար» կոչումը: Յաւելուածը արժանացած է նաեւ բազմաթիւ այլ մրցանակներու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին