Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերու Հերոս Մայրերուն՝ Նուէրներ

«Կրանտ Հոլտինկ»-ի սեփականատէր Կարէն Վարդանեանի կողմէ կանանց միջազգային տօնին ընդառաջ 6 եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող 8 հերոս մայրերու առանձնատուներ տրուած են, իսկ երկուքին իրենց ցանկութեամբ` գիւղատնտեսական մեքենաներ:

Տաւուշի մարզը Ազրպէյճանի հետ ամենաերկար սահմանը ունի` 352 քմ․: Հակառակ վտանգին ու ընկերային ծանր պայմաններուն` մարդիկ կը մնան ու կ՛ապրին կրակի տակ` մեծցնելով սահմանի նոր պաշտպաններ ու ապագայ մայրեր: Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ 6 եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող 10 ընտանիք կայ: Անոնք բոլորն ալ անմխիթար պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Այս ընտանիքներուն օգնութեան ձեռք մեկնած է «Կրանտ Հոլտինկ»-ի սեփականատէր Կարէն Վարդանեանը:

Անկախ այս բոլորէն, քանի մը ընտանիքի միջեւ ալ 14 գլուխ մանր եւ 36 խոշոր եղջերաւոր անասուններ բաշխուած են։ Բոլոր ընտանիքներուն տրամադրուած է կահոյք, սառնարան, կազօճախ, լուացքի ու կարի մեքենաներ, հեռուստացոյց:

Ընդհանուր հաշուով, Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներու 6 եւ աւելի անչափահաս զաւակ ունեցող բոլոր 10 ընտանիքներուն կարիքները հոգալու համար, Կարէն Վարդանեանը յատկացուցած է 96 միլիոն դրամ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին