Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Վիրաւոր Զինուորները Շնորհաւորական Բացիկներ կը Պատրաստեն Հայ Կանանց Համար

Կանանց տօնին շնորհաւորական բացիկ` արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորու ձեռքով:

Armeniasputnik.am-ի հաղորդած տեղեկութիւններով` գաղափարը Երեւանի բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանինն է, որուն միացած են նաեւ արուեստի ու մարմնակրթութեան աշխարհահռչակ հայ գործիչները:

Մարտ 8-ի շնորհաւորական բացիկով կարելի է ոչ միայն շնորհաւորել կանանց, այլեւ աջակցիլ Արցախի մէջ վիրաւորուած ու մինչ օրս վերականգնողական բուժում ստացող հայ զինուորին: Երեւանի բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանի այս գաղափարը արդէն իրականութիւն է: Գաղափարի իրականացման աջակցած են Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական գոլէճի ուսանողները:

«Կարեւոր չէր, որ զինուորը ամբողջական բացիկը նկարէր: Կարեւոր էր, որ ան վրձինը ձեռքը առնէր ու տարեկից թերլեմեզեանցիներուն օգնութեամբ իր հերոսութեան մէկ մասնիկը փոխանցէր բացիկին, որ հասցէատիրոջ հասնելով` անոր ալ պիտի մասնակից դարձնէ իր սխրանքին»,- Արմէն Մուրատեան ներկայացուցած է նախաձեռնութեան գաղափարական նշանակութիւնը: Վերականգնողական բուժման զուգահեռ՝ մասնագէտները կարեւոր կը համարեն նաեւ զինուորներու հոգեբանական վերականգնման` սոցիալականացման անհրաժեշտութիւնը: Բացիկներու պատրաստման գործընթացը, նկարչութիւնը անոր լաւագոյն տարբերակներէն են: Իսկ հասարակութեան մասնակցութիւնը ծրագիրին՝ զինուորին պէտք է մէկ անգամ եւս վստահեցնէ` անոր կարիքը հայրենիքը այսօր ալ ունի:

«Մեր տղաները վնասուածքներ ստացած են ոչ թէ դահուկ քշելու կամ դժբախտ պատահարի հետեւանքով, այլ մեր ու մեր երեխաներու անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին, մեր երկրի ու պետականութեան սահմանները անառիկ պահելու ընթացքին, եւ կը կարծեմ` անոնց իւրաքանչիւրին վնասուածքներուն մէկ մասը նաեւ մերն է, եւ անոնց վերականգնման գործընթացին մասնակցիլը կը դառնայ բոլորիս պարտքը»,- ըսած է Մուրատեանը:

Ծրագիրի իրականացման  առաջին իսկ օրէն՝ Արմէն Մուրատեան չէ կասկածած անոր յաջողութեան ու հասարակական մասնակցութեան: Հայ զինուորի ձեռքով պատրաստուած հարիւրաւոր բացիկները այսօր կը սպասեն իրենց հասցէատէրերուն:

Զանոնք գնելու ցանկութիւն յայտնողները արդէն այնքան շատ են, որ ծրագիրի հեղինակները կը վախնան որ չհասցնեն պահանջարկը բաւարարել:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջին պետական կառոյցն է, որ ցանկութիւն յայտնած է այս տարի կիները շնորհաւորել զինուորի պատրաստած բացիկներով: Խորհրդանշական շարժման միացած են նաեւ արուեստի ու մարմնակրթութեան շարք մը գործիչներ` նկարիչ Նուռը, Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը, որ նաեւ ներկայ եղած է ու մասնակցած է բացիկներու ստեղծման աշխատանքներուն, անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ի եւ ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը, որ այս տարի, Մարտ 8-ին, իր հարազատները կ’ուզէ շնորհաւորել այդ բացիկներով: Բացիկներուն մէկ խումբը վաճառքի պիտի հանուի երեւանեան ծաղիկի ու յուշանուէրներու խանութներուն մէջ: Վաճառքէն եկած հասոյթն ալ պիտի ուղղուի վերականգնողական նոր կեդրոնի վերանորոգման, ուր հերոս զինուորները պէտք է շարունակեն իրենց ապաքինումը: «Այս բացիկներէն իւրաքանչիւրին զինուորի ձեռք դպած է: Ինծի համար անոնք անգին են»,- ցոյց տալով իր աշխատասեղանին դրուած բազմաթիւ բացիկները` ըսած է Մուրատեան: Յետոյ առանձնացուցած է անոնցմէ մէկը ու աւելցուցած. «Ասիկա ամենաառաջին պատրաստուած բացիկն է, որ շատ հաւնած եմ ու որոշած եմ գնել եւ Մարտ 8-ին մայրիկիս նուիրել»:

Մուրատեանը վստահ է` ծրագիրը նոր թափ կը հաւաքէ եւ Մարտ 8-ին չ’աւարտիր, կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 7:

Իսկ Ապրիլ 7-էն ետք՝ զինուորները նոր զբաղմունք պիտի ունենան: Մուրատեանը արդէն կը մտածէ ծրագիրի շարունակականութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին