*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Ազրպէյճանի հետ սահմանագիծին լարուածութիւնը կը պահպանուի: Սակայն, Արցախի մէջ խաղաղ շինարարութիւնն ալ կը շարունակուի՝ թիկունքը ամրապնդելու հրամայականով: Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի գիւղերուն միջեւ կառուցուած Նոր Կիլիկիա թաղամասին մէջ շահագործման յանձնուած է 15 նոր առանձնատուն:
Հայր ու որդի Սարգսեանները հեծիք կը քշեն, մայրն ալ սպասքը կը նախապատրաստէ. հաւանական է, որ բնակարանամուտին առիթով հիւրեր պիտի ունենան: Նոր ու յարմարաւէտ բնակարանին մէջ Նաթալիան առաւել ընդգծուած կը յիշէ նախկին տան անյարմարութիւնները. «Ապրիլի անձրեւներուն ժամանակ տան պատը փլած էր: Առնէտներ, չղջիկներ տուն կը մտնէին, երեխայի օրօրոցին կը մօտենային»: Մասիս Սարգսեանը իր ընտանիքով պաշտօնական բնակարանամուտէն աւելի կանուխ հաստատուած է նոր տան մէջ: Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցը այսօր ալ Պաշտպանութեան բանակի շարքերուն մէջ է եւ աւելի հանգիստ. ընտանիքը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ է: «16 տարի ծառայած եմ, 16 տարի ալ պիտի ծառայեմ: Պէտք ըլլայ՝ թոշակի անցնելէ ետք ալ պիտի ծառայեմ: Մեր հողը արիւնով ազատած ենք, բոլորս ալ պէտք է մեր սահմանները պաշտպանենք»,- Մասիս Սարգսեանի համար ասիկա առօրեայ ճշմարտութիւն է՝ առանց պաթոսի: Փոքրիկը հեծիքը առժամանակ հանգիստ կը ձգէ: Սարգսեանները դուրս կ’ելլեն նաեւ իրենց պատուին կազմակերպուած հանդիպման մասնակցելու: Այս ընտանիքը Նոր Կիլիկիա թաղամասին մէջ հաստատուած 15 նոր ընտանիքներէն մէկն է: Հանդիպումը նորեկներուն ողջունելու համար է: Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի գիւղերուն միջեւ՝ 2003-ին հիմնադրուած է Նոր Կիլիկիա թաղամասը՝ խորհրդանշական վայրի մը մէջ, կը յիշէ 90-ականներու ազատագրական մարտերու մասնակից, իսկ այսօր՝ Մարտակերտի շրջվարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեանը. «Արցախեան ազատամարտին հակառակորդը ճիշդ այստեղ կանգնեցուցած ենք: Յետոյ հակայարձակման անցած ենք ու ազատագրած Մարտակերտի շրջանը»:
Նոր թաղամասի բնակիչներէն ոմանք տեղւոյն վրայ ստացան բնակարաններու նուիրատուութեան հաւաստագրերը: Ոմանք ալ վիճակահանութեամբ պարզեցին, թէ իրենց ո՛ր բնակարանը բաժին պիտի հասնի: Մարտակերտի շրջվարչակազմի ղեկավարը կը վստահեցնէ՝ բոլոր բնակարաններու շինարարութեան որակն ալ հսկած են նոյն խստութեամբ: Նաեւ շրջակայքը բարեկարգուած է, ենթակառուցուածքները իրականացած. «Բոլոր յարմարութիւնները ունի իւրաքանչիւր բնակարան: Նաեւ ենթակառուցուածքները իրականացած են՝ ջուր, ճանապարհներ»:
Նոր Կիլիկիա թաղամասի շինարարութիւնը նախաձեռնած եւ ֆինանսաւորած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը: Առաջին փուլով կառուցուած է 10 առանձնատուն: Երկրորդ փուլի 20 բնակարաններէն 15-ը եւս յանձնուած է շահագործման: 5-ին շինարարութիւնը կը շարունակուի: Առանձնատուները նախատեսուած են երիտասարդ, բազմազաւակ եւ զինծառայողներու ընտանիքներուն համար:
Ստեփանակերտ