spot_img

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Համշէնահայ Երգիչ Այտողան Թօփալի Երկրորդ Ձայնասկաւառակը

Համշէնահայ երաժիշտ եւ երգիչ Այտողան Թօփալը թողարկած է իր նոր` «Քուզէյ» («Հիւսիս»-Tert.am) ձայնասկաւառակը: Սա համշենցի երգիչին արդէն երկրորդ ձայնասկաւառակն է:

Ըստ թրքական «Օնճէ վաթան» պարբերականի, ձայնասկաւառակին մէջ ամփոփուած են 13 երգեր, որոնցմէ 11-ը Թօփալի գրած ստեղծագործութիւններն են:

Պարբերականին հետ զրոյցին Թօփալը պատմած է, որ ալպոմը ստեղծուած է ամբողջովին «սեւծովեան» բանահիւսութեան մէջ, օգտագործուած են համշէնական եւ պոնտոսեան երաժշտական գործիքներ, կան երգեր համշէնահայերէնով, լազերէնով եւ թրքերէնով: Ալպոմի անուանումը` «Հիւսիս» նոյնպէս կապուած է հայրենի Համշէնի հետ, քանի որ անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը:

Ի դէպ, Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէսի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ։ Համշէնէն աւելի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին