Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հայցը խորհրդարանին մէջ իր խօսքերը արձանագրութենէն հանելու եւ իրեն 3 նիստի չմասնակցելու պատիժը բողոքարկելու հետ կապուած:
Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթի ժամանակ խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք խորհրդարանի ղեկավարութիւնը Կարօ Փայլանին որպէս պատիժ արգիլած էր անոր 3 նիստի մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նիստի արձանագրութենէն հանած էր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հատուածը:
Կարօ Փայլան Սահմանադրական դատարանէն մերժում ստանալէ ետք որոշած է դիմել ՄԻԵԴ: «Երանի Թուրքիոյ դատարանը այս հարցի լուծումը տար: Ինծի հանդէպ կայացուցած որոշումը ժողովրդավարութեան հարուած էր: Քանի որ մեր դատարանը այդ որոշումը չէ չեղարկած, ես պիտի դիմեմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան»,–ըսած է Կարօ Փայլան:






