Ապագայ բժիշկները շուտով հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու ելեկտրոնային բժշկական գրադարանէն: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին եւ Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ՝ կը ստեղծուի ելեկտրոնային բժշկական գրադարան:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ծրագիրին ծիրէն ներս կը ստեղծուի եռաբաղադրեալ ելեկտրոնային կայք: Անիկա պիտի ունենայ ելեկտրոնային գրադարան, յատուկ բաժիններու մէջ ներառուած պիտի ըլլան փորձնական նիւթեր եւ տեսանիւթեր: Իւրաքանչիւր ուսանող եւ դարմանատան ուսանող՝ իր ուրոյն մուտքի ծածկագիրով՝ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մուտք գործելու նշուած թուային հարթակ եւ ըստ ուսումնական տարիներու` համապատասխան գրականութիւն ստանալու:
«Ելեկտրոնային բժշկական գրադարան»-ին մէջ ներառուած ուսումնական փորձարկումներուն միջոցով՝ ուսանողները պիտի ստուգեն եւ ամրապնդեն իրենց գիտելիքները: Կայքը պիտի ունենայ նաեւ տեսադասընթացի բաժին, ուր զետեղուած պիտի ըլլան օրինակելի դասախօսութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան ցանկացած պահու վերյիշելու անհրաժեշտ նիւթը: