ՌԱԿ-ի «Միրաք» շարժումի պատանի-ուսանողները հայ Մեծերուն եւ հայկական մշակոյթին մօտէն ծանօթացնելու նպատակով, այլ ծրագիրներու շարքին, 12 Փետրուար 2017-ին իրականացաւ նաեւ Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտ այցելութիւնը:
«Միրաք»-ականները շրջեցան թանգարանի սրահներուն մէջ, ծանօթացան Կոմիտասի կենսագրութեան, աշխատութիւններուն եւ անձնական իրերուն: Թանգարանը, իր հարուստ հաւաքածոյով եւ արդիական մատուցմամբ, հնարաւորութիւն տուաւ պատանիներուն Կոմիտասի մասին համապարփակ եւ բազմակողմանի գիտելիք ձեռք ձգել, ամրակայեց անոնց մօտ ազգային արժէքներու հանդէպ գիտակից վերաբերմունքը եւ այդ արժէքներուն հաւատաւոր ժառանգորդը ըլլալու նախանձախնդրութիւնը:
«Միրաք»-ականները մեծ հետաքրքութեամբ հետեւեցան իւրաքանչիւր իրի, պատկերի, ձեռագիր տետրերու, տեսերիզի եւ քանդակի մասին տրուող բացատրութիւններուն եւ երգեցին Կոմիտասի մշակած ժողովրդական երգերը: «Միրաք»-ին ուղեկցեցան ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը եւ արուեստագէտ Պրն. Հրազդան Թոքմաճեանը: