Ֆրանսա Հայաստանին երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 սարք պիտի տրամադրէ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Հայկարամ Մխիթարեան՝ Փետրուար 9-ին, Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին, երբ պատգամաւորները կը քննէին «Երկրաշարժի պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու հարցը:
Պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելով, Մխիթարեան նշած է, որ վերջին 10 տարիներուն երկրաշարժի պատրաստուածութեան մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է: Ան զեկուցած է, որ Գառնիի երկրաֆիզիքական աստղադիտարանը օժտուած է ամերիկեան, ֆրանսական եւ շարք մը այլ երկիրներէ բերուած սարքերով: Իսկ Վայքի երկրաշարժ չափող կայանը շուտով Ֆրանսայէն պիտի ստանայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 նոր սարք: