Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Արցախի Վարչապետը Ընդունած Է Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ Երկրամասի Հայ Համայնքի Հոգեւոր Հովիւը

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Յունուար 23-ին ընդունած է  Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենպերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Վարչապետը բարձր գնահատածէ  հայ համայնքի  ծաւալած ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Արցախին օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

«Ապրիլեան դժուար օրերին միշտ զգացել ենք Սփիւռքի մեր հայրենակիցների աջակցութիւնը: Այդ օգնութիւնը լոկ սոցիալական խնդիրների լուծում չէր, այն առաւել եւս հոգեբանական մեծ աջակցութիւն էր ողջ արցախահայութեան համար»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը եւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանին յանձնած կառավարութեան շնորհակալագիրը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Տէր Տիրատուրը վարչապետին ներկայացուցած է իրենց առաքելութեան մասին եւ աւելուցած, որ Արցախի անապահով ընտանիքներուն համայնքին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:

Հանդիպման ներկայ էին ԱՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանէսեան եւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեան:

3

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին