Վանի Արտամետի քիւրտ քաղաքապետին կողմէ քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ տեղադրուած հայերէնով ցուցանակները հանուած են քաղաքապետարանին մէջ իշխանութեան կողմէ նշանակուած հարկադիր կատարողին կողմէ, կը գրէ News.am-ը:
Թրքական Haberdar կայքին փոխանցմամբ` հայերու մեծ հետքեր կրող Արտամետի մէջ քաղաքապետը քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ հայերէնով գրութիւններ տեղադրած էր: Ան նոյնիսկ յայտնի հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրի աղբիւրը վերանորոգած էր:
Սակայն քիւրտ քաղաքապետին լիազօրութիւնները դադրեցնելէ ետք քաղաքապետարանին մէջ իբրեւ հարկադիր կատարող նշանակուած Աքըֆ Չիչէքլին առանց բացատրութեան հանած է հայերէնով ցուցանակները: