Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Վանի Մէջ Թուրք Պաշտօնեան Հանած Է Քիւրտ Քաղաքապետին Տեղադրած Հայերէնով Ցուցանակը

Վանի Արտամետի քիւրտ քաղաքապետին կողմէ քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ տեղադրուած հայերէնով ցուցանակները հանուած են քաղաքապետարանին մէջ իշխանութեան կողմէ նշանակուած հարկադիր կատարողին կողմէ, կը գրէ News.am-ը:

Թրքական Haberdar կայքին փոխանցմամբ` հայերու մեծ հետքեր կրող Արտամետի մէջ քաղաքապետը քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ հայերէնով գրութիւններ տեղադրած էր: Ան նոյնիսկ յայտնի հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրի աղբիւրը վերանորոգած էր:

Սակայն քիւրտ քաղաքապետին լիազօրութիւնները դադրեցնելէ ետք քաղաքապետարանին մէջ իբրեւ հարկադիր կատարող նշանակուած Աքըֆ Չիչէքլին առանց բացատրութեան հանած է հայերէնով ցուցանակները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին