Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու

Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան (ՄՄԿ-BBP) Էտիրնէի նահանգային կառոյցի ղեկավար Արիֆ Քէոռօղլուն խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ հայց ներկայացուցած է դատախազութիւն: Վկայակոչելով թրքական «Beyaz Gazetesi» թերթը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Քէոռօղլուն Փայլանը մեղադրած է ժողովուրդին մէջ քէն եւ թշնամանք սերմանելու մէջ:

Թուրք պատգամաւորին պնդումով` խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւն բառին օգտագործումը ստորացուցիչ է թուրք ժողովուրդին, հանրապետութեան եւ օրէնսդիր մարմինին համար: Ան պնդած է, որ ցեղասպանութեան խնդիրը վիճարկելի հարց է.

«Մեր պետութիւնը բացած է այս թեմային վերաբերեալ բոլոր արխիւային նիւթերը` ներկայացնելով զանոնք ողջ աշխարհի դատին»,- ըսած է Քէոռօղլուն:

Անոր դիտարկումով` հայ պատգամաւորը իր յայտարարութեամբ յանցանք գործած է` թաքնուելով պատգամաւորական անձեռնամխելիութեան ետին:

Քէոռօղլուն անհեթեթօրէն պնդած է, թէ իբր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր հայերն ու միւս տեղաբնիկները ապրած են խաղաղ ու համերաշխ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ ելոյթ ունեցած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ըրած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ժամանակ մը կը կազմէինք 40 տոկոս, հիմա կը կազմենք մէկ հազարերորդ մասը: Ուրեմն մեր գլխուն բան մը եկած է… Ես ցեղասպանութիւն կ’անուանեմ, դուք ինչ կ’ուզէք` անուանեցէք: Պապիկիս ու նախնիներուս գլխուն եկածը ես շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք դրէք անուանումը, ու բոլորս միասին առերեսուինք»:

Այս ելոյթին համար հայ պատգամաւորին իբրեւ պատիժ արգիլուած է մասնակցիլ խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին