Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վան քաղաքի հին հայկական տուները, որոնք մեծ մասամբ կը գտնուին Վանի Բերդի մօտակայ թաղամասերուն մէջ, ոչնչացման եզրին են: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը նշէ Սթամպուլի «Հայ Թերթ»-ը։
Աղբիւրին համաձայն՝ Վանի պատմական թաղամասերու տուներուն մեծ մասը թէեւ ոչնչացուած է ցեղասպանութենէն ետք, սակայն դեռ 20 տարի առաջ այս տարածքին մէջ եղած են կանգուն հայկական տուներ, մինչդեռ վերջին երկու տասնամեակներուն անոնք կրած են ահռելի վնասներ եւ յայտնուած ոչնչացման եզրին:
Ցեղասպանութենէն ետք կանգուն մնացած այս թաղամասերը կործանման եզրին յայտնուած են տեղական իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով: