Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Հռոմի Պապին Նուիրակը Փորձած Է Կասեցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Վատիկանի գաղտնի արխիւները հետազօտող Վալենթինա Վարդուհի Կարախանեան տեղեկութիւններ հաւաքած է, թէ ինչպէ՛ս Հռոմի Պենետիքթ ԺԵ. պապի նուիրակը տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ փորձած կասեցնել զայն:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ հետազօտողը «Ռոմ Ռիփորթզ»-ին պատմած է, թէ պատրաստուող գիրքի գլխաւոր դերակատարներէն է Հռոմի պապի ներկայացուցիչ, քարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն փորձած է զօրաշարժի ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ դիւանագիտական խումբը, դատապարտած է կատարուող դէպքերը ու թէեւ առանց յաջողութեան, սակայն այդ խնդիրով հասած է նոյնիսկ մինչեւ սուլթանին:

«Մենք փորձած ենք փաստաթուղթերը դասաւորել այնպէս, որ անոնք ինքնաբերաբար արդէն փաստեն հայերու կոտորածին մասին: Գիրքի դերակատարներուն մէջ կան հայեր, եպիսկոպոսներ, նուիրակներ եւ դեսպաններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած են 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան», նշած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան պատմած է, որ Վատիկան այդ տարիներուն ըրած է կարելի եւ անկարելի ամէն բան, քանի որ նուիրակը հանդիպում ունեցած է նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք դուրս են դիւանագիտական շրջանակէն:

«Պատուիրակը իրաւունք չէ ունեցած դիմելու բազմաթիւ մարմիններու: Սակայն ան գացած եւ ցոյց տուած է պատուիրակութեան յատուկ փաստաթուղթեր, քանի որ սուլթանին հասնելու համար անհրաժեշտ էր ցոյց տալ Հռոմի պապին ստորագրութիւնը: Ան հանդիպում ունեցած է նախարարներու, գլխաւոր վեզիրին եւ սուլթանին հետ: Ան խօսած է պապին եւ Սուրբ Աթոռին անունով, քանի որ վստահ էր, որ Հռոմի օրուան պապը կ՛ուզէր օգնել եւ փրկել այս ժողովուրդը», դիտել տուած է Կարախանեան:

Վատիկանի գաղտնի արխիւէն գտած նիւթերուն մէջ կան այդ տարիներուն արձանագրուած փաստեր՝ իրենց տուներէն վտարուած քրիստոնեաներու ոչնչացման վերաբերեալ: «Որոշ տարածքներու մէջ անոնք կը կոտորէին, միւսները կ՛աքսորուէին անյայտ ուղղութիւններով՝ ճամբաներուն վրայ մահանալով։ Կային մայրեր, որոնք նոյնիսկ իրենց զաւակները կը վաճառէին՝ զանոնք մահուան ճիրաններէն պաշտպանելու նպատակով», պատմած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան նշած է, որ Հռոմի պապին պատուիրակը գիտակցած է, որ տեղի ունեցածը ո՛չ միայն հայերուն կը վերաբերէր, այլ այդ տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ էր։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին