*ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*
2017 Յունուար 5-ի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութենէն ետք Ս. Վարդան Մայր Տաճարի ժամուորներն ու արուեստասէր Նիւ Եորքահայերը հիւրերն էին Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, միասնաբար ողջունելու Նիւ Եորքահայ համայնքէն ներս ճանչցուած արուեստագէտ-լուսանկարիչ՝ Ռոպէրթ Կարապետեանի Ծննդեան 80-ամեակը եւ արուեստի կեանքի նուիրումին 60-ամեակը:
Հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ ցուցասրահ հաւաքուեցան դիտելու եւ հիանալու բազմատաղանդ այս արուեստագէտին անհամար նկարներէն ընտրուած սեւ ճերմակ նկարներու այս հաւաքածոյին:
Առաջնորդ Հայրը իր օրհնութեան խօսքով դրուատեց Պարոն Ռոպէրթ Կարապետեանի տաղանդն ու բազմազան ներդրումը մեր արուեստի աշխարհէն ներս: Շնորհաւորեց զինք իր ութսունամեայ տարեդարձին ու մասնաւորաբար անցնող վաթսուն տարիներուն արուեստի աշխարհէն ներս իր բերած բազմազան ներդրումին համար:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ հանգամանօրէն մանրամասնեց Կարապետեանին կեանքի շրջանները՝ սկսած իր Եղիշէ Չարենցի անուան վարժարանի դպրոցական գրասեղաններէն մինչեւ արուեստագէտին «ՊԱՀԸ» բռնող ոսպնեակէն անմահացած այս գլուխ գործոցները, որ այդ օր պատերը կը զարդարէին: Դոկտ. Մարգարեան իրաւամբ ընգծեց Կարապետեանին աւանդը ըսելով. «Ան ազգային պահակ մըն է, գրեթէ հայրենի եւ արտասահմանեան բոլոր թերթերուն մէջ կը գտնէք համայնքի գործունէութիւններուն մասին Ռոպէրթին գործերը»:
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի ընտանիքին անունուվ խօսք առաւ Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեան: Ան «Խօսք Երախտիքի» վկայագրով շեշտեց, թէ ինչպէս Պարոն Կարապետեանի ոսպնեակը արուեստի խորան մը ստեղծած է մեր մեծերուն կեանքէն՝ յանձնելու գալիք սերունդներուն:
Տիկ. Պօղոսեան երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Պարոն Կարապետեանին, որ անցնող տասնամեակին ան կամաւորապէս (այսինքն՝ առանց նիւթական ակնկալութեան, որ ամերիկեան կեանքի ըմբռնումով հազուագիւտ երեւոյթ է) իր թղթակցութիւններով եւ նկարներով հայրենի եւ Սփիւռքի մամուլին հասցուցած է վարժարանի (ՍՆԱՎ) ձեռնարկներուն եւ շրջանաւարտական հանդէսներուն նկարագրութիւնները: Վարժարանը երախտապարտ է այն բոլոր հրաշալի նկարներու շարքին համար, որ Պարոն Կարապետեանի ոսպնեակին նուէրն է վարժարանի արխիւին:
Ցուցահանդէսի բացման հակիրճ յայտագիրը եզրափակուեցաւ օրուան յոբելեար արուեստագէտին ամփոփ եւ ի սրտէ բխող շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքով ուղղուած՝ Սրբազան Հօր հովանաւորութեան եւ Արթօ Որբերեանին, այս ցուցահանդէսին կազմակերպչական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր ներկաներուն:
Ներկաները երկար մնացին ցուցասրահին մէջ վայելելու արուեստի սրահին պատերը զարդարող սեւ-ճերմակ նկարներու հրաշալի շարքը: Անոնք կեանքի կը կոչէին Վահրամ Փափազեանն ու Ազատ Գասպարեանը, Վեհափառ Վազգէն Ա. ը, Երուանդ Քոչարն ու Մարտիրոս Սարեանը, Օհան Տուրեանը, Ուիլեամ Սարոյանն ու Պարոյր Սեւակը, Գրիգոր Խանճեանն ու Առնօ Պապաճանեանը: Հանդիսատեսին նայող լուսանկարները վերակենդանացուցին այնպիսի պահեր, որոնք այլապէս ալ կորսուած պիտի ըլլային: Դիմանկարներու շարք մը այնպիսի երախտաւորներու, որոնք ոչ թէ նստած էին սպասելով նկարիչին գործիքին «քլիք»ին, այլ նկարիչին աչքն էր որ իր ոսպնեակով անմահացուցած էր ՊԱՀԸ:
Մեզի կը նայէին Սիլվա Կապուտիկեանի տագնապահար մտահոգութեամբ մթնցած խորաթափանց աչքերը – արցախեան օրերէն մէկուն բռնուած, հո՛ն է ահա Ուիլիըմ Սարոյեանի հեռուն նայող բարի ու մանկական նայուածքը: Հապա Վահրամ Փափազեանին Օթելլօ՞ն: Նման նայուածք-պահ-նկա՞ր կ’երեւի ուրիշ Օթելլօ խաղացող դերասան չէ ունեցած:
Բազմատաղանդ եւ չափազանց համեստ այս արուեստագէտը իր բնատուր շնորհները բաշխած է քսան տարեկանէն սկսեալ: Աքորտիոնիստ, Աւանգարդ թերթի թղթակից է, աշակերտած է Վարդան Աճէմեանի եւ Արմէն Գուլակեանի նման բեմարուեստի վարպետներուն եւ աւարտած՝ Երեւանի գեղարուեստ-թատերական համարսարանի բեմադրութեան բաժինը:
Լուսանկարչական գործիքին կողքին ան նոյնիսկ երանգապնակին եւ վրձինին ապաւինելով նկարած է շարք մը գեղանկարներ եւ ցուցահանդէսով ինքզինք ներկայացուցած է Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ՝ 1994-ին:
1968-էն 2010 ե՛ւ 2016-2017 իր անհատական ցուցահանդէսները տեղի ունեցած են Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելոսի մէջ:
Պարոն Կարապետեան բեմ բարձրացած է Ժողովրդական Դերսանուհի Ժենիա Աւետիսեանի Ամերիկեան հիւրախաղերուն (2001-2008) ընթացքին, Ժենիա-Շուշանի կողքին Աբիսողոմ Աղայի դերով:
Ան նկարահանած եւ պատրաստած է երեք վաւերագրական ֆիլմեր – «Հայոց Ցեղասպանութիւն», «Երեւան, եւ Ճանչնանք Մեր Արուեստագէտները» երաժշտագէտ – երգահան Վազգէն Մուրատեանին նուիրուած ֆիլմեր:
Պարոն Ռոպէրթ Կարապետեան մեր համայնքային կեանքը պատմութեան արխիւին յանձնող իրաւ արուեստագէտն է:
Բարի Տարեդարձ, առողջ տարիներով արգասաբեր երթ կը մաղթենք մեր յարգարժան արուեստագէտին:
Նիւ Եորք