Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Սրտերու Նոր Տօնը

                                      «Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, զորոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին: Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր:»

                     Ղուկ.2.18,19

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը նոր լոյսի եւ նորոգող յոյսի տօն է մեզի համար: Ան մեզի կու գայ նոր «Ծնունդ»-ի մը լուրովը: Եւ, մենք կարիքը, կարօտը ունինք այդ նորին:

Նորը՝ մեզի համար ընդհանուր փոփոխութիւնը կը թուի ըլլալ յաճախ: Կ’ուզենք «նոր» վիճակներ, «նոր» կացութիւններ եւ կարելիութիւններ, քանի որ մեր «հին» ու «հինցող» վիճակներուն, կացութիւններուն եւ կարելիութիւններուն մէջ դժգոհ ենք: Դժգոհ ենք անոնց ստեղծած անձկութիւններէն եւ ցաւերէն, դժգոհ՝ անոնց տուած ձանձրոյթէն եւ առթած վախերէն: Մեր «նոր»-ով՝ կը խորհինք փոխել այդ բոլորը եւ ազատիլ անոնց մեր վրայ դրած պատասխանատուութիւններէն: Ուստի, կը փորձենք այդ վիճակները մոռնալ մեր խրախճանքներուն մէջ, կամ՝ զանոնք ծածկել մեր նորաձեւութիւններով:

Մեր այս ջանքերը՝ ոչ կը փոխեն իրականութիւնը, ոչ ալ կրնան մեզ ազատել անկէ: Առաւելագոյնին մէջ ասոնք մեզի պիտի տան ժամանակաւոր զուարճութիւն, կեղծ խաղաղութիւն եւ շինծու ապահովութիւն. քիչ ետք՝ նոյն այդ վիճակները եւ կացութիւնները պիտի վերստին տիրեն մեր եւ մեր շրջապատին վրայ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդով մարդկութեան եկած «Նոր»-ը սրտերու հարց է: Անոր բերած լոյսն ու յոյսը կը հրաւիրեն մեզ զԻնք ընդունելու մեր սրտերուն մէջ, «պահել եւ մտածել» այնպէս՝ որ նորոգուի մեր էութիւնը. Ինք մեր սրտերուն մէջ վերածուի մշտահոս աղբիւրի, նոր կեանք եւ նոր որակ հաղորդելով մեզի, ինչ ալ ըլլան մեր վիճակները, կացութիւնները եւ կարելիութիւնները:

Այն ատեն՝ «Նոր» աչքով պիտի նայինք ամէն բանի եւ մեր «մտքին (սրտին) նորոգութիւնովը պիտի նորոգուինք» տեւապէս: Մեր շուրջ տիրող վիճակները, կացութիւնները եւ կարելիութիւնները դժգոհութեան պիտի չառաջնորդեն մեզ, այլ՝ առիթ պիտի ըլլան նոր ծառայութեան եւ հոգածութեան, բոլոր անոնց համար, որոնք մեր Տիրոջ կը կարօտին: Այն ատեն՝ մենք պիտի վայելենք կատարեալ ուրախութիւն, ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ անջնջելի ապահովութիւն:

Մեր աղօթքն ու մաղթանքը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդին եւ աշխարհին այս է, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին մէջ. թող Բեթլեհէմի մսուրին Մանուկը մեր սրտերը նորոգէ իր «Նոր» լոյսով եւ մշտական յոյսով:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ-ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Նախագահ
Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին