Հոլանտայի Հաակ քաղաքի «Աբովեան» մշակութային միութիւնը (ղեկավար` Մաթօ Հախուերդեան) միացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, որուն նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:
«Աբովեան» մշակութային միութիւնը, որ հիմնադրուած է 1984 թուականին, ստեղծման առաջին իսկ օրերէն լծուած է հայապահպանութեան գործին, որպէսզի օտար ափերու վրայ պահպանուի հայ մշակոյթը, հայոց լեզուն եւ հայկական աւանդոյթները: Միութիւնը Հաակի մէջ կը հանդիսանայ հանդիպման վայր ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ՝ հայ ժողովուրդի օտարազգի բարեկամներուն համար, դառնալով կամուրջ հայութեան եւ հոլանտական հասարակայնութեան միջեւ: Բացի երեխաներու եւ մեծահասակներու համար հայոց լեզուի, երգի ու պարի դասերէն, «Աբովեան» միութիւնը կը կազմակերպէ թեմատիկ օրեր եւ դասախօսութիւններ մշակութային եւ հասարակական թեմաներով, կը նշէ հայոց աւանդական տօները եւ կարեւոր յոբելեանները: