Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Պատերազմի Վերսկսումը Լրջագոյն Սպառնալիք է Ամբողջ Հարաւային Կովկասի Համար. Վիգէն Սարգսեան

Ազրպէյճանի հետ զինուած հակամարտութեան վերսկսումը հնարաւոր է:

Ըստ Artsakhpress.am-ի, Lenta.ru-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այս մասին յայտարարած է.

«1994 թուականին եռակողմ ձեւաչափով` Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան, հրադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրուեցաւ: Ցաւօք` 1994 թուականէն ի վեր Պաքուն կը խափանէ խաղաղ գործընթացը: Աւելին, հետեւողականօրէն կը խափանուին հակամարտութեան լուծման հնարաւոր ուղիներ գտնելու` միջազգային հանրութեան բոլոր փորձերը, ի դէմս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա): Այս տարուան Ապրիլին Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ եւ պարտութիւն կրեց: Մենք մեր աշխատանքը կը կառուցենք ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան կանխավարկածին վրայ:

Միանգամայն ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի երկիրներու համար շահեկան չէ հակամարտութեան հնարաւոր սրումը: Ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը` Երեւանը ստիպուած պիտի ըլլայ ներգրաւուիլ հակամարտութեան մէջ, եթէ ատիկա տեղի ունենայ: Հասկնալի է նաեւ, որ պատերազմի վերսկսումը լրջագոյն սպառնալիք պիտի ըլլայ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար»,- յայտարարած է նախարարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին