Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի եւ Իրանի Նախագահներուն Համատեղ Յայտարարութիւնը

Նախագահի նստավայրին մէջ, 21 Դեկտեմբերին կայացած հայ-իրանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ երկկողմ համագործակցութեան խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, մասնաւորապէս ստորագրուած են` «Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան միջեւ մարզական բնագաւառի մէջ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ արտակարգ իրավիճակներու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին», «ՀՀ Պատմութեան թանգարանի եւ ԻԻՀ Ազգային թանգարանի միջեւ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիրները, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Մեղրի-Նուրտուզ սահմանային դարպասի համատեղ օգտագործման մասին» համաձայնագիրը, ընդունուած է նաեւ համատեղ յայտարարութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին